Սուրիական աշխարհազօրի ուժերը հակադարձեցին Աֆրինի շրջանին մէջ իրենց շարքերուն մէջ 8 զոհ պատճառած թրքական ռմբակոծումին:
Աշխարհազօրի ուժերը ռմբակոծեցին Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Մարեհ գիւղին մէջ գտնուող թրքական ուժերուն դիրքերը: Աշխարհազօրը նաեւ ամրապնդեց թրքական բանակին եւ «Եփրատի վահան»¬ի գործողութեան մասնակցած զինեալներուն հետ Ժանտիրսի, Պըլպոլի եւ Շէյխ Հատհտի ճակատներուն վրայ գտնուող իր դիրքերը:
Թրքական հրետանին եւ օդուժը երէկ երեկոյեան ռմբակոծեցին Աֆրին քաղաքի կեդրոնը:
Թրքական բանակը յայտարարեց, թէ Աֆրին քաղաքը պաշարած է, սակայն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները հերքեցին այդ լուրը: Նախքան այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնած էր, որ թրքական բանակը մինչեւ երեկոյ ամբողջ Աֆրին քաղաքը կը գրաւէ: