Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ յայտարարեց, որ 23 ռուս դիւանագէտներ կ’արտաքսուին` ռուսական հետախուզական վարչութեան նախկին աշխատակից Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր թունաւորման պատճառով: Մէյ այդ որոշումը յայտարարեց խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին:
Ան յայտնեց, որ դիւանագէտներուն մէկ շաբաթ կը տրուի երկրէն հեռանալու համար: Ասիկա աւելի քան 30 տարուան ընթացքին դիւանագէտներու մեծագոյն արտաքսումն է: Ըստ Բրիտանիոյ վարչապետին, դիւանագէտները ռուսական գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցներ են:
Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ հետ բարձր մակարդակով կնքուած համաձայնագիրները կը ջնջուին: Չեղեալ նկատուած է Բրիտանիա այցելելու համար Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին ուղարկուած հրաւէրը: Ան նաեւ յայտնեց, որ բրիտանացի նախարարներն ու բարձրաստիճան պաշտօնատարները պիտի չայցելեն Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան:
Մէյ աւելցուց, որ կրնան որդեգրուիլ նաեւ այլ քայլեր, որոնք պիտի չհրապարակուին:
Մոսկուա իր կարգին յայտնեց, որ շուտով պիտի հակադարձէ Բրիտանիոյ` աւելցնելով, որ Լաւրով արդէն չէր ընդունած Բրիտանիա այցելելու հրաւէրը:
Կը սպասուէր, որ այս հարցը երէկ գիշեր արծարծուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին: