Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Կը Փորձէ Մասնատել Սուրիան Եւ Յաւիտեանս Այդտեղ Տեղաւորուիլ» Կ՛ըսէ Լաւրով

March 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ռազմակայաններ կը հաստատէ, եւ անկասկած կը փորձէ երկիրը մասնատել ու յաւիտեանս այդտեղ տեղաւորուիլ»:

Լաւրով նշեց. «Այժմ աշխատանք կը տարուի Արեւելեան Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման սադրիչ գործողութեան մը վրայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ դրական տեղաշարժեր կը տեսնենք»` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրայի նման կազմակերպութիւններ կան, որոնց դէմ Ռուսիոյ հետ պէտք է պայքարինք»:

«Մենք Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ կը զօրակցինք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան», ըսաւ ան` նշելով, որ «Աֆրինի մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները մեր անվտանգութեան սպառնալիք են» եւ Մընպեժէն դէպի Աֆրին «ահաբեկչութեան սնուցում» տեղի կ՛ունենայ:

Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւնները կրնան ազդել 19 մարտին նախատեսուած թուրք-ամերիկեան խորհրդակցութիւններուն վրայ:

«Ամերիկացիներուն հետ Աֆրինէն ու Մընպեժէն ահաբեկիչներու հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, եւ ամերիկացիներուն հետ Եփրատի արեւելեան ափին վերաբերեալ հանդիպումը կրնայ յետաձգուիլ», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարարը պէտք է գիտակցի, թէ պէտք է յարգել Թուրքիան»:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին երէկ մեկնաբանելով Ռեքս Թիլըրսընի պաշտօնազրկումը ըսաւ. «Թուրքիոյ կեցուածքը յստակ է, եւ ան մեծ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր, թէ նոր արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն իր մասին ինչ կը մտածէ: Կը յուսամ, որ յառաջիկային առողջ յարաբերութիւններ կը կառուցուին»:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը գրէ. «Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրին դէմ արտայայտուած Փոմփէոն 15 յուլիսի զինուորական յեղաշրջման փորձի անմիջապէս յաջորդ օրը թուիթըրեան իր էջին վրայ Թուրքիան որակած էր «ամբողջատիրական իսլամական բռնապետութիւն»: Որոշ ժամանակ ետք ան ջնջած էր իր գրառումը եւ փակած իր էջը»:

Զօր. Վոթել. «Ռուսիան Սուրիոյ Մէջ Իր Քայլերով Կ՛Ազդէ
Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար, զօր. Ճոզըֆ Վոթըլ յայտարարած է, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր քայլերով կ՛ազդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, ինչ որ կը մտահոգէ ամերիկեան կողմը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի ուաշինկթընեան թղթակից Ճանսու Չամլըպելը:

«Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կ՛ուզեմ շեշտել դերը Ռուսիոյ, որ երկակի վարք կը դրսեւորէ եւ կը նպաստէ շրջանին մէջ մեր ռազմավարական գործընկերոջ հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան աճին: Մենք անհանգստացած ենք Ռուսիոյ` Սուրիոյ հիւսիսը ստանձնած դերէն եւ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն վրայ այդ բոլորին ունեցած հետեւանքներէն», ըսած է ամերիկացի զօրավարը:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Արեւելեան Ղութայի Մէջ Կը Հասնի Համուրիէ Գիւղի Դռներուն

Յաջորդը

Բրիտանիա Արտաքսեց 23 Ռուս Դիւանագէտ Եւ Ջնջեց Ռուսիոյ Հետ Կնքուած Համաձայնագիրները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.