Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանական Հետախուզութիւնը Պիտի Սկսի Ուսումնասիրել Ազրպէյճանի Նախագահական Ընտանիքին Մասնակցութեամբ Փտածութեան Գործարքները

March 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ 14 մարտին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Բրիտանիոյ հետախուզութիւնը եւ Յանցաւորութեան ազգային գործակալութիւնը պիտի սկսի վերահսկել եւ քննութիւն կատարել փտածութեան գործարքներ կատարելու մէջ կասկածուող անձերու ելեւմտական եւ գործարար վարքագիծին շուրջ: Այս մասին կը յայտնէ ազրպէյճանական «Ազատլիք» լրատու գործակալութիւնը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի բրիտանական աղբիւրին փոխանցումով, գաղտնի հետաքննութեան պիտի ենթարկուի նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին կողմէ Բրիտանիոյ մէջ կատարուող առեւտրական գործունէութիւնը:

Ազրպէյճանի մէջ իշխող Ալիեւ ընտանիքին կողմէ դրամներու լուացման մասին անընդհատ նոր ուշագրաւ մանրամասնութիւններ ի յայտ կու գան:

Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծը 2017-ի ամրան վերջաւորութեան հրապարակած էր տեղեկութիւն, ըստ որուն, Ազրպէյճանի իշխող վերնախաւը երկու տարի շարունակ տնօրինած է շուրջ 3 միլիառ տոլար արժողութեամբ գաղտնի հաշիւ մը, որուն միջոցներով գումարներ վճարուած են եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն ազրպէյճանամէտ որոշումներ տալու համար, ինչպէս նաեւ կատարուած են թանկարժեք գնումներ:

Կը նշուի, որ գումարներուն մեծ մասը վճարուած է լոպիիստներուն, լրագրողներուն, քաղաքական գործիչներուն եւ գործարարներուն: Վճարման ծրագիրը յատկապէս յաջող անցած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ 2013-ին Ազրպէյճանի համար խիստ կարեւոր զեկուցումի քուէարկութեան ժամանակ: Այդ քուէարկութիւնը առնչուած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն:

Նախորդը

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իրանի Եւ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են «Հարաւ-Արեւմուտք» Փոխադրական Միջանցքի Ստեղծումը

Յաջորդը

Հազարաւոր Քաղաքայիններ Համուրիէի Ճամբով Հեռացան Արեւելեան Ղութայէն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.