Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Մէջ Պաղեստինի Վարչապետին Դէմ Մահափորձ

March 14, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ մեծ պայթում մը թիրախ դարձուց Պաղեստինի վարչապետ Ռամի Համտալլայի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավար Մաժետ Ֆարաժի շքախումբը, երբ մուտք կը գործէր Կազա: Ճամբեզրին զետեղուած ականի պայթումին պատճառով արձանագրուեցան վեց վիրաւորներ: Ըստ պաղեստինեան կարգ մը կայքերու, շքախումբին դէմ կրակոց ալ եղած է:

Կազայի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած են շարք մը կասկածելիներ:

Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավար Մաժետ Ֆարաժ Համաս շարժումը պատասխանատու նկատեց մահափորձին` նշելով. «Ամբաստանեալը այս հողին վերահսկողն ու անոր անվտանգութիւն ապահովողն է»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը իր կարգին ամբաստանեց Համասը, իսկ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հիւսէյն Շէյխ յայտարարեց. «Ֆաթհ շարժումը Համաս շարժումը կը նկատէ վարչապետին ու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավարին շքախումբը ականահարելու փորձին ամբողջական պատասխանատուն»: «Համաս կը կրէ այս ոճրային մեծ արարքին ամբողջական պատասխանատուութիւնը, եւ այդ արարքը վտանգաւոր նախադէպ մըն է, որուն վրայ պիտի հիմնուին շարք մը որոշումներ ու բազմաթիւ քաղաքականութիւններ, որոնց ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Համասը»:

Համաս շարժումը իր կարգին դատապարտեց մահափորձը, որ նկատեց պաղեստինեան միասնականութեան ու հաշտութեան ջանքերը հարուածելու փորձ: Համաս նաեւ դատապարտեց Համասի հասցէին Պաղեստինեան իշխանութեան յղած ամբաստանութիւնը` ապահովական մարմիններուն եւ ներքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղելով` ոճիրին բացայայտման, հեղինակները հաշուետուութեան կանչելու եւ արդարադատութեան ներկայացնելու համար անմիջապէս հետաքննութեան ձեռնարկելու:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը եւս դատապարտեց արարքը եւ Կազայի ապահովական մարմիններուն կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու իրենց պարտաւորութիւններուն եւ հետապնդելու յանցագործները, ինչպէս նաեւ որդեգրել միջոցառումներ, որոնք կ՛արգիլեն դէպքին կրկնութիւնը:

Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումը դատապարտեց մահափորձը եւ զայն նկատեց ազգային միասնականութեան ապագան վտանգելու փորձերէն մէկը: Շարժումը նաեւ կոչ ուղղեց` որեւէ կողմի ամբաստանութիւն ուղղելու առումով չաճապարելու:

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Պիտի Հակադարձենք, Եթէ Մեր Ուժերը Վտանգուին, Կամ Դամասկոս Ամերիկեան Հրթիռակոծումի Ենթարկուի»

Յաջորդը

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով «Սի.Այ.Էյ.»-ի Տնօրէնը Կին Մըն Է. Ռեքս Թիլըրսըն Պաշտօնազրկուեցաւ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.