Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Երկու նախագահները վերահաստատած են ՕԹԱՆ-ի անդամ երկու դաշնակից երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Սպիտակ տունը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Երկու ղեկավարները շրջանային հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակում կատարեցին եւ շեշտեցին ՕԹԱՆ-ի անդամ դաշնակից եւ ռազմավարական գործընկերներ եղող երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը»:
Երկու նախագահները համաձայնած են շարունակելու գործակցութիւնը հասարակաց ռազմավարական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հարցին մէջ եւ ջնջելու այն գերզգայնութիւնները, որոնք ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ: