Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Քորէա 1 ապրիլին պիտի վերսկսին Փիոնկիանկի մէջ Ողիմպիական խաղերու ընթացքին դադրեցուած ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Փենթակոնի հրապարակած յայտարարութեան:
Հիւսիսային Քորէան այդ որոշումին մասին տեղեակ պահուած է քորէական թերակղզիին մէջ ՄԱԿ-ի հրամանատարութեան միջոցով:
Փենթակոն նաեւ կը նշէ, որ ռազմափորձերը «ունին նոյն տարողութիւնը, ծաւալը եւ տեւողութիւնը, ինչ որ նախորդ տարիներուն»:
Կը նախատեսուի, որ «Ֆոըլ Իկըլ» ռազմափորձերուն պիտի մասնակցի 11.500 ամերիկացի զինուոր եւ մինչեւ 290 հազար հարաւային քորէացի զինուոր:
«Մեր միացեալ ռազմափորձերը` ուղղուած պաշտպանութեան, Հիւսիսային Քորէան պէտք չէ դիտէ իբրեւ սադրանք», յայտարարած է Փենթակոնի բանբեր Քրիսթոֆըր Լոկըն:



