Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սքրիփալի Հարցին Պատճառով. Եւրոպական Միութիւնը Տուն Կը Կանչէ Մոսկուայի Մէջ Իր Դեսպանը

Մարտ 24, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները համաձայնութիւն գոյացուցած են տուն կանչելու Մոսկուայի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան, գերմանացի դիւանագէտ Մարքուս Էտերերը, Սալզպըրիի մէջ ռուսական հետախուզութեան նախկին աշխատակից Սերկէյ Սքրիփալի թունաւորման առնչութեամբ խորհրդակցութիւններու համար: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են աղբիւրներ:

«Դեսպանը տուն կը կանչեն խորհրդակցութիւններու համար», գործակալութեան ըսած է աղբիւրը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները համաձայնած են Բրիտանիոյ հետ, որ Ռուսիան ամենայն հաւանականութեամբ պատասխանատուութիւն կը կրէ Սքրիփալի թունաւորման համար:

Միւս կողմէ, եւրոպացի պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ մտադիր են «Սքրիփալի հարց»-ին պատճառով ռուս դիւանագէտներ արտաքսել:

Մինչ այդ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, թէ ինք «Սքրիփալի հարց»-ով Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ քայլերու որդեգրումը չի բացառեր:

Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան բոլոր 28 անդամները Ռուսիան մեղսակից կը նկատեն Սքրիփալի դէմ ջիղերու վրայ ազդող կազով յարձակումին` աւելցնելով, որ այդ իրողութեան այլ բացատրութիւն չկայ:

Մերքել ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ պէտք է սպասել Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման կազմակերպութեան այս հարցին շուրջ հետաքննութեան արդիւնքին: «Նաեւ մտադիր ենք յաւելեալ քայլերու որդեգրումով միացեալ հակադարձութիւն կատարելու», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Երբեք Պիտի Չզօրակցինք Աֆրինի Մէջ Թուրքիոյ Միջամտութեան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Ըստ «Աքշամ» Օրաթերթին. Թուրքիա Ամերիկայի Հետ Կը Բանակցի «Փաթրիոթ»-ներ Գնելու Շուրջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?