Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» ընկերութիւնը աննախադէպ քայլ կատարած է` Իրանի մէջ գործող իր ծառայութեան հարցով դիմելով ՄԱԿ-ին:
«Պի.Պի.Սի.»-ի կայքը կը հաղորդէ, թէ ընկերութիւնը կը պահանջէ, որ իր իրանեան ծառայութեան աշխատակազմի` Լոնտոն բնակող անդամներն ու Իրանի մէջ գտնուող անոնց ընտանիքները չհալածուին երկրի իշխանութիւններուն կողմէ:
«Պի.Պի.Սի.»-ի պնդումով` Իրանի իշխանութիւնները անոնց դէմ ուղղուած «ահաբեկման արշաւ» սկսած են` յղելով սպառնալիքներ, ձերբակալելով «Պի.Պի.Սի.»-ի աշխատակիցներու հարազատները եւ ճամբորդելու արգելքներ սահմանելով անոնց դէմ:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ «Պի.Պի.Սի.»-ի դիմումը պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Կը նշուի, որ «Պի.Պի.Սի.»-ի իրանեան ծառայութիւնը երկրի իշխանութիւններուն թիրախը դարձած է 2009-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն ետք, երբ Թեհրան օտար պետութիւնները մեղադրած է միջամտութեան յանցանքով:
 
			


