Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Մընպեժի Վերաբերեալ Ուաշինկթընի Հետ «Փոխհասկացողութեան» Գոյացումը Յայտարարեց

Մարտ 23, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Մընպեժ քաղաքին հարցով «փոխհասկացողութիւն եւ ոչ թէ համաձայնութիւն» գոյացած է:

Ան Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա Ուաշինկթընի հետ ջանացած է համաձայնութիւն գոյացնել քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու Մընպեժէն հեռանալէն ետք քաղաքի վերահսկողութիւնը ստանձնելիք կողմին շուրջ, եւ այդ համաձայնութիւնը բնորդ մը ըլլայ քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր շրջաններուն համար:

Չաւուշօղլու յայտնեց. «Եթէ թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակի աշխատանքի ճամբու քարտէսին շուրջ համաձայնեցանք, կրնանք ըսել, թէ համաձայնութիւն գոյացուցինք: Սակայն այժմ միայն փոխհասկացողութիւն գոյութիւն ունի»:

«Մընպեժէն ետք կարգը պիտի գայ միւս քաղաքներուն, որովհետեւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միայն Մընպեժէն հեռանալը բաւարար չէ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ կառավարութիւնը երէկ «չափազանց մտահոգութիւն» յայտնեց Աֆրինի մէջ թրքական բանակի վարմունքին նկատմամբ եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց յարգելու միջազգային օրէնքները, որոնք քաղաքայիններու պաշտպանութեան համար են:

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Աֆրինի Մէջ
Թուրքիոյ Գործողութիւններուն Նկատմամբ

Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Աֆրինի մէջ թրքական զինեալ ուժերու գործողութիւններուն նկատմամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են այն լուրերուն վերաբերեալ, որոնք վերջին 48 ժամերուն ընթացքին կը հաղորդուին Աֆրին քաղաքէն: Գերազանցապէս քիւրտ ազգաբնակչութիւն ունեցող քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը թրքական զինեալ ուժերու եւ թուրքերու կողմէ աջակցութիւն ստացող ընդդիմադիր ուժերու յարձակումի սպառնալիքին պատճառով հեռացուած է», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ` անգամ մը եւս ընդգծելով, որ ամերիկեան կողմը բազմիցս Թուրքիոյ յայտնած է իր մտահոգութիւնները Աֆրինի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:

Միացեալ Նահանգներ յորդորած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուքին մէջ գտնուող դերակատարներուն, ներառեալ Թուրքիան եւ Ռուսիան, չխոչընդոտել միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն աշխատանքը Աֆրինի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն արձանագրած են, որ թէեւ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ ՕԹԱՆ-ի իրենց գործընկեր Թուրքիոյ, բայց եւ այնպէս Աֆրինի մէջ թրքական կողմի գործողութիւնները միայն վնաս հասցուցած են այդ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին: «Ասիկա լուրջ եւ ահագնացող վտանգ է: Սուրիոյ բոլոր դերակատարներուն կոչ կ՛ուղղենք` կեդրոնացած մնալու ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքին դէմ պայքարի հարցին վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ, հակադարձելով ամերիկեան կողմին հրապարակած յայտարարութեան, նշեց. «Ամերիկեան իշխանութիւնները տակաւին «Ձիթենիի Ճիւղ» գործողութեան դրդապատճառին չեն գիտակցիր կամ չեն ուզեր գիտակցիլ»:

«Ձիթենիի ճիւղ»-ը քաղաքայինները թիրախ չի դարձներ, այլ աշխատանք կը տանի զանոնք փրկելու», նշեց Աքսոյ` աւելցնելով. «Գործողութեան նպատակը քաղաքայինները ահաբեկչական կազմակերպութեան բռնաճնշումէն եւ բռնատիրութենէն փրկելն է»:

«Զինուորական գործողութիւնը չի վնասեր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին, ատիկա անհիմն պնդում մըն է», ըսաւ ան` նշելով. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վնաս հասցնողը ահաբեկչական խմբաւորում մը ահաբեկչական կազմակերպութեան մը դէմ օգտագործելն է»:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատուն. «Սքրիփալի Հարցին Մէջ Կա՛մ Փաստեր Ներկայացնել, Կա՛մ Ներում Հայցել»

Յաջորդը

Պաղեստինի Վարչապետի Մահափորձի Գլխաւոր Ամբաստանեալը Սպաննուեցաւ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?