Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու գլխաւոր հրամանատար, ամերիկացի զօրավար Քուրթիս Սքափարոթիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են եւրոպական շրջանին մէջ ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ զինուորական գործակցութեան, վստահութեան բարձրացման եւ միջադէպերու կանխարգիլման վերաբերող հարցեր:



