Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքել. «Գերմանիոյ Դեսպանատունը Երուսաղէմ Պիտի Չփոխադրենք»

April 24, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ կը մերժէ իր երկրին դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրել Երուսաղէմ` հետեւելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրինակին:

Ան նշեց, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է գոյանայ երկու պետութիւններու լուծման պատկերացումի ծիրին մէջ բանակցութիւններու ճամբով:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մերքել շեշտեց, որ հակառակ մեծ դժուարութիւններուն եւ սակաւաթիւ յաջողութիւններուն, անհրաժեշտ է աշխատանքը շարունակել հասնելու համար երկու ժողովուրդներու համար երկու պետութիւններու լուծումին` աւելցնելով, որ Երուսաղէմի կարգավիճակը կարելի է ճշդել միայն այս ծիրին մէջ:

«Ուստի մեր երկրին դեսպանատունը պիտի չփոխադրենք Երուսաղէմ: Կ՛ուզենք, որ Իսրայէլը ըլլայ հրէական եւ ժողովրդավարական երկիր, սակայն նաեւ պաղեստինցիներուն համար կենսունակ պետութիւն մը կ՛ուզենք», ընդգծեց Գերմանիոյ վարչապետը:

Անդրադառնալով պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութիւններու սառեցման ու Այսրյորդանանի մէջ հրէական բնակեցման վայրերու կառուցման` Մերքել ըսաւ. «Կացութիւնը մեզ կը մտահոգէ»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտարարեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի դուստրը` Իվանքա Թրամփն ու անոր ամուսինը` նախագահի խորհրդական Ճերարտ Քուշնըրը Միացեալ Նահանգները պիտի ներկայացնեն ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու արարողութեան ընթացքին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին, թէ կը նախատեսուի, որ ամերիկեան քոնկրեսի անդամներ եւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիւ Մուչըն եւս ներկայ գտնուին արարողութեան:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անցեալ ամիս Թրամփը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան դեսպանատան բացումին, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը Սպիտակ տան աշխատանքներու օրակարգին պատճառով որոշեց ներկայ գտնուիլ եւ զինք ներկայացնող մը ուղարկել:

 

Նախորդը

«Էրտողանի Դէմ Պայքարին Մէջ Պիտի Աջակցինք Կիւլին» Կ՛ըսէ Քրտամէտ Երեսփոխան Մը

Յաջորդը

«Պէտք Է Պատրաստուիլ Սուրիոյ Մէջ Սադրանքներու Կրկնութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.