Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Տակաւին Սուրիոյ «Էս-300» համակարգեր յանձնել չորոշեցինք»:
Ան նշեց. «Հակառակ ամերիկացիներուն եւ եւրոպացիներուն այդ արկածախնդրութենէն զգուշացնելնուս` պէտք է պատրաստուիլ Սուրիոյ մէջ սադրանքներու կրկնութեան»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ դէմ արեւմտեան հարուածները կացութիւնը վատթարացուցին»:
«Քոմերսանթ» օրաթերթը երէկ հաղորդած էր, որ Ռուսիան մօտ օրէն կրնայ անհատոյց կերպով Սուրիոյ մատակարարել «Էս-300 Ֆաւորիթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:



