Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետի օգնական գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Ալուի վերահաստատեց դրացի երկիրներու, ներառեալ Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը` նշելով. «Իրանի իսլամական հանրապետութեան քաղաքականութիւնը միշտ հիմնուած է բարեկամ երկիրներու, մասնաւորաբար դրացի երկիրներու, որոնց շարքին Թուրքիոյ հետ գործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքին վրայ»:
Ան աւելցուց, որ փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ Իրան կրնայ իր արտադրութիւններն ու զինուորական ճարտարագիտութիւնը փոխանակել, ինչպէս նաեւ այդ առիթներէն օգտուիլ»:
«Թրքական արտադրութիւնները բազմաթիւ ոլորտներու մէջ արդիական են, եւ ոչ նուազ քան այլ երկիրներունը, եւ մենք կրնանք այդ ընկերութիւններուն հետ աշխատիլ հետապնդելու համար մեր զինուորական կարողականութեան բարձրացման երթին մէջ մեր նպատակները հետապնդելու», աւելցուց իրանցի բարձրաստիճան զինուորականը:



