Գերմանիան զգալի չափով նուազեցուցած է Թուրքիոյ վաճառուող զէնքի քանակը: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը:
Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ այս տարուան 14 մարտէն 30 ապրիլ երկարած ժամանակաշրջանին Գերմանիան հաստատած է Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միայն մէկական զինատեսակի վաճառքը:
Թուրքիոյ վաճառել թոյլատրուած զէնքի արժէքը կազմած է 1.926.000 եւրօ: Մինչդեռ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ վաճառուած էր 3.300.000 եւրօ արժողութեամբ զէնք:
Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութիւնը այս տեղեկութիւնը տրամադրած է` ընդառաջելով ընդդիմադիր «Ձախ» կուսակցութեան գրաւոր հարցումին:
Նախապէս գերմանացի երեսփոխանները մտահոգութիւն յայտնած էին, թէ Թուրքիոյ վաճառուած զէնքը կ՛օգտագործուի Աֆրինի մէջ թրքական բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութեան ընթացքին:



