Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կազայի Կոտորածը Պէտք Է Տեղափոխուի Միջազգային Քրէական Դատարան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

May 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Կազայի դէպքերը պէտք է քննուին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թի.24» կայքը:

«Իսրայէլ պէտք է օրէնքի առջեւ պատասխան տայ, Կազայի կոտորածը պէտք է տեղափոխուի Միջազգային քրէական դատարան», ըսած է Չաւուշօղլու:

Ան նաեւ անդրադարձած է մէկ օր առաջ Թուրքիան լքած Իսրայէլի դեսպան Էյթան Նայեհին, որուն խուզարկութեան առիթով Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր բողոքը յայտնած էր:

Չաւուշօղլուի համաձայն, դեսպանը ինք նախատեսած է միւս ուղեւորներուն հետ նոյն ստուգիչ կէտէն անցնիլ, թէեւ կրնար պաշտօնական հիւրերու համար նախատեսուած բաժինէն անցնիլ:

«Բնականաբար, բոլորին պէս նոյն ստուգիչ կէտէն անցնելու ընթացքին ան ալ պէտք է անվտանգութեան արժեչափերուն ենթարկուէր, բոլորը կ՛ենթարկուին: Եթէ չես ուզեր ատոր մէջէն անցնիլ` գումարը կը վճարես ու պաշտօնական հիւրերու բաժինէն կ՛անցնիս, ինչպէս որ մենք ու մեր դեսպանները կ՛ընենք Իսրայէլի մէջ: Ան այս քայլով ուզեց ինքզինք զոհի տեղ դնել, շատ աժան քայլ է», նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Միւս կողմէ, թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, մեկնաբանելով Կազայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, նշած է, որ ՄԱԿ-ը ի զօրու չէ լուծել այդպիսի հարցեր: Ըստ Էրտողանի, կառոյցը այլեւս ինքզինք սպառած է:

Էրտողան նաեւ գանգատած է, որ իրենք Կազայի դէպքերուն հարցով փորձած են կապ հաստատել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ, սակայն, ապարդիւն:

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապն Ու Էրտողան Քննարկած Են Երուսաղէմի Հարցն Ու Կազայի Դէպքերը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Յաւելեալ Եկամուտ Չապահովելու Համար. Իսրայէլի Զբօսաշրջութեան Նախարարը Իսրայէլացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Չայցելելու Թուրքիա

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.