Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու քննարկեցին սուրիական հարցի լուծման հոլովոյթին յառաջխաղացման աշխատանքը «Ասթանայի ձեւաչափով»: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Լաւրով եւ Չաւուշօղլու 22 մայիսին ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որ տեղի ունեցաւ թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ:
«Նախարարները քննարկեցին շարք մը հրատապ հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն երկու կողմերը, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւի հիման վրայ սուրիական հարցի լուծման յառաջխաղացման միացեալ աշխատանքը «Ասթանայի ձեւաչափով», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ զետեղուած մեկնաբանութեան մէջ:



