Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վոչիչ յայտնեց. «Քոսովոն կը շարունակէ մնալ Սերպիոյ` Եւրոպական Միութեան միանալուն դիմաց ցցուած գլխաւոր արգելքը»:
Ան Քոսովոյին կոչ ուղղեց զիջումներ կատարելու` նշելով. «Ի վերջոյ ամէն ինչ կը վերաբերի Քոսովոյի»:
«Եւրոպան ու Արեւմուտքը Փրիշթինային պէտք է ուղղեն ուժեղ պատգամ մը, թէ պէտք է ինք եւս զիջումներ կատարէ», ըսաւ Սերպիոյ նախագահը:
«Անոնք կը կարծեն, թէ ժամանակը հասած է, որ Սերպիան լիարժէք կերպով ճանչնայ Քոսովոյի անկախութիւնը, ամէնը այս է եւ իրենք կարիքը չունին սերպերուն ու Սերպիոյ համար որեւէ բան ընել, այլ պարզապէս սպասել», նշեց Վոչիչ:
«Պատրաստ չեմ յստակ խօսելու, սակայն անոնք պէտք է կատարեն որոշ իմաստալից զիջումներ, եւ եթէ ատոր պատրաստ են, կարելի է որեւէ բանի հասնիլ, իսկ եթէ պատրաստ չեն, ապա ատիկա բոլորին համար վատ լուր է», յայտնեց Սերպիոյ նախագահը: