Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ աննախընթաց նիւթական ճնշում պիտի բանեցնեն իրանեան վարչակարգին վրայ, ինչ որ պիտի նկատուի իբրեւ պատմութեան ամէնէն խիստ պատժամիջոցները:
Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալէն ետք, Փոմփէօ ներկայացուց ամերիկեան նոր ռազմավարութիւնը եւ վստահեցուց, որ Իրան այլեւս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իշխանութիւն պիտի չունենայ` խոստանալով «հալածել իրանցի գործիչները եւ Հըզպալլայի մէջ իրենց հետեւորդները` ամբողջ աշխարհին մէջ զանոնք ճզմելու նպատակով»:
Ան ներկայացուց 12 խիստ պայմաններ Իրանի հետ «նոր համաձայնութիւն» ձեռք բերելու համար` դնելով աւելի խիստ պայմաններ հիւլէական թղթածրարին շուրջ եւ վերջ դնելով հեռահար հրթիռներուն եւ Իրանի միջամտութեան Մերձաւոր Արեւելքի տագնապներուն մէջ:
Ասոր փոխարէն, Միացեալ Նահանգներ վերջաւորութեան պատրաստ են հանելու պատժամիջոցները:
Փոմփէօ աջակցութիւն խնդրեց Ուաշինկթընի դաշնակիցներէն, յատկապէս եւրոպացիներէն` անոնց զգուշացնելով, որ «այն ընկերութիւնները, որոնք Իրանի մէջ գործեր պիտի կատարեն ամերիկեան պատժամիջոցներով արգիլուած մարզերուն մէջ», պիտի կրեն պատասխանատուութիւնը: