Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Դիրքորոշումը` Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի Հրաժարականին Վերաբերեալ

July 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտադիր է հետագային շարունակել սերտ համագործակցութիւնը Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: «Կազեթա» կայքին հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` անդրադառնալով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսընի հրաժարականին:

Ճոնսըն 9 յուլիսին յայտարարած էր, որ կը հեռանայ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն: Ան իր այս որոշումին իբրեւ պատճառ նշած է, որ համամիտ չէ Եւրոպական Միութեան կազմէն Բրիտանիոյ դուրս գալու հարցին մէջ կառավարութեան դիրքորոշումին: Նշենք, որ կառավարութիւնը կ՛ուզէ 29 մարտ 2019-ին Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն` «Պրեքզիթ»-էն ետք պահպանել Եւրոպական Միութեան հետ տնտեսական սերտ յարաբերութիւնները:

«Մենք բարձր կը գնահատենք արտաքին գործոց նախարարի նուիրուած ծառայութիւնը եւ անփոփոխ հաւատարմութիւնը Միացեալ Նահանգներու ու Բրիտանիոյ միջեւ յատուկ յարաբերութիւններուն: Մենք այսուհետեւ եւս սերտօրէն պիտի համագործակցինք Բրիտանիոյ հետ մեր երկիրներուն համար հասարակաց առաջնահերթ հարցերու լայն շրջանակի շուրջ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ առողջապահութեան նախարար Ճերըմի Հանթը նշանակեց երկրի արտաքին գործոց նախարար: Ի տարբերութիւն Ճոնսընի` Հանթ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շարունակման գաղափարին աջակցողներէն էր:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յոյս յայտնեց, որ 2 ազդեցիկ նախարարներու հրաժարականէն ետք Բրիտանիան ետդարձ կը կատարէ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու միտքէն: Ճոնսընի կողքին հրաժարական տուած է նաեւ «Պրեքզիթ»-ի հարցերով նախարար Տէյվիտ Տէյվիս:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփ «Յիմար» Անուանած Է Փութինին Չհեռաձայնելու Խորհուրդ Տուող Օգնականներուն

Յաջորդը

Զուիցերիան Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան Մօտ Բողոք Ներկայացուցած Է Պողպատի Եւ Ալիւմինիոմի Վրայ Ամերիկեան Մաքսատուրքերուն Դէմ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.