Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Փեսան` Ելեւմուտքի Նախարար. Թուրքիոյ Նոր Կառավարութեան Կազմը

July 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր Անգարայի նախագահական պալատին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց կառավարութեան նոր կազմը:

Երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փոխնախագահ նշանակուած է Ֆուաթ Օքթայը: Նոր կառավարութեան կազմին մէջ իրենց պաշտօնները պահպանած են երկրի արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն եւ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլը:

Վերջիններս կառավարութեան մաս կազմելու համար ստիպուած պիտի ըլլան հրաժարիլ իրենց երեսփոխանական աթոռներէն:

Պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Հուլուսի Աքարը, որ նախապէս կը վարէր Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի պաշտօնը:

Էրտողան ելեւմուտքի նախարար նշանակած է իր փեսան` Պերաթ Ալպայրաքը, որ նախապէս կը գլխաւորէր Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը:

Առեւտուրի նախարար նշանակուած է Ռուհսար Փեքճանը: Էրտողանի օգնականներէն Մուսթաֆա Վարանք ստանձնած է ճարտարագիտութեան եւ զարգացման նախարարութեան ղեկավարութիւնը: Ուժանիւթի փոխնախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ նշանակուած է ուժանիւթի նախարար, իսկ Մայրուղիներու տնօրէնութեան նախկին ղեկավար Ճահիթ Թուրան նշանակուած է Փոխադրամիջոցներու նախարար:

Ընդհանուր առմամբ, նոր կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուած է 16 նախարար, ինչ որ 10-ով նուազ է, քան նախորդ կազմին մէջ:

Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն համաձայն, ջնջուած է վարչապետի պաշտօնը, իսկ նախագահը այժմ պիտի ղեկավարէ կառավարութիւնը:

Էրտողան թրքական ցամաքային ուժերու հրամանատար Եաշար Կիւլերը նշանակեց Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ:

Նշենք, որ 9 յուլիսին Էրտողան պաշտօնապէս ստանձնեց Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնը: Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ` կառավարութեան անդամներու եւ երեսփոխաններու ներկայութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 24 յունիսին: Երկրի գործող նախագահը յաղթանակ արձանագրած էր առաջին փուլին` ստանալով քուէներուն 52,59 առ հարիւրը:

 

 

Նախորդը

Քանատայի Մէջ Տաքէն Մահացածներու Թիւը Հասած Է 70-ի

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէան Տարակարծութիւններու Պատճառով Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Միացեալ Աշխատանքային Խումբ Ստեղծել

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.