Իսրայէլեան «Ուալա» կայքը կը հաղորդէ, որ Մոսատի ղեկավար Եոսի Քոհեն անցեալ շաբաթ գաղտնաբար այցելած է Ուաշինկթըն` քննարկելու համար սուրիական եւ իրանեան թղթածրարները:
Կայքը կը նշէ, թէ «այս այցելութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ այդ հարցերուն շուրջ համակարգումի ծիրին մէջ է»` աւելցնելով, որ Քոհենի այցելութիւնը տեղի ունեցած է անցեալ շաբաթ` Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւրոպացի ղեկավարներու հետ հանդիպումէն օրեր առաջ: Ռուհանի եւ եւրոպացի ղեկավարները քննարկած էին Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու հեռացումէն ետք այդ համաձայնութեան ապագան:
Իսրայէլեան կայքը կը յայտնէ, որ Մոսատի ղեկավարի Ուաշինկթըն այցելութիւնը տեղի ունեցած է այն հաղորդումներէն ետք, թէ այս շաբթուան վերջաւորութեան Հելսինքիի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու վեհաժողովին նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ սուրիական տագնապին շուրջ ռազմավարական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են:
Այցելութիւնը նաեւ տեղի ունեցած է նախքան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի չորեքշաբթի օր նախատեսուած Մոսկուա այցելութիւնը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի հարաւային Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ համակարգումի հարցը:



