Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղազախստան Չի Պատրաստուիր Կասպից Ծովուն Մէջ Օտարերկրեայ Ռազմակայաններու Տեղակայում Արտօնելու

Յուլիս 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղազախստան չի պատրաստուիր Կասպից ծովուն մէջ օտարերկրեայ ռազմակայաններու տեղակայում արտօնելու: Ռուս լրագրողներու եւ փորձագէտներու մտորումները հակառակի մասին կը վկայեն անոնց կողմէ իրական փաստերու չտիրապետելու մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, որ այս մասին նշուած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

Այսպիսով, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է 2 յուլիս 2018-ին պատկերասփռուած «Երեկոն Վլատիմիր Սոլովիովի հետ» զրոյցի յայտագիրը, որուն մասնակիցները քննարկած են Ղազախստանի կողմէ իբրեւ թէ Կասպից ծովուն մէջ ռազմակայաններու տեղակայման մասին որդեգրուած որոշումը:

«Ցանկութիւն կայ կարծելու, որ այդպիսի մեկնաբանութիւններու պատճառը ընդամէնը ռուսական լրատուամիջոցներու եւ փորձագիտական շրջանակներու կողմէ իրական փաստերու չտիրապետելն է եւ ոչ թէ փաստերու կանխամտածուած խեղաթիւրումը», ընդգծուած է արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

Նախարարութեան տուեալներով` խօսքը Ղազախստանի տարածքով ամերիկեան ոչ մահաբեր բեռներու երկաթուղային տարանցման մասին է, միջազգային ընտանիքին համար բաւական անհրաժեշտ` Աֆղանիստանի կառավարութեան աջակցութեան գործողութիւններու համար:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ այդպիսի տարանցում նախապէս կատարուած է նաեւ ռուսական կողմին հետ համաձայնութեամբ: 2010-2015 թուականներուն ինքնին նոյն բեռներու տարանցումը կատարուած է Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ուզպեքիստանի տարածքներով:

«2010 թուականին ստորագրուած ղազախական-ամերիկեան համաձայնագիրը Ղազախստանի տարածքով նշեալ երկաթուղային տարանցման ապահովման մասին կը նախատեսէ նոյն պայմանները, որոնք կը գործէին ռուս-ամերիկեան համաձայնագիրով», նշուած է մեկնաբանութեան մէջ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ 2017 թուականի սեպտեմբերին ստորագրուած արձանագրութեան մէջ անցակէտերու շարքին աւելցած է երկու նաւահանգիստ:

Նախորդը

Հանոյ Միացեալ Նահանգներուն Յանձնեց Վիեթնամի Պատերազմին Ժամանակ Զոհուած Ամերիկացի Զինուորներու Աճիւններ

Յաջորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփ «Յիմար» Անուանած Է Փութինին Չհեռաձայնելու Խորհուրդ Տուող Օգնականներուն

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?