Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ-Բրիտանիա Յարաբերութիւնը Իւրայատուկի Բարձրագոյն Մակարդակն Է»

July 14, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պնդեց, որ Միացեալ Նահանգներ-Բրիտանիա յարաբերութիւնը «իւրայատուկի բարձրագոյն մակարդակն է»: Քանի մը ժամ առաջ ան բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատած էր Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի «Պրեքզիթ»-ի ծրագիրը:

Թրամփ Մէյի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք Բրիտանիան ինչ որ ալ ընէ ինք համաձայն է` աւելցնելով, որ «Պրեքզիթ»-ը «հոյակապ առիթ» մըն է:

Մինչ այդ, հազարաւորներ կեդրոնական Լոնտոնի մէջ բողոքի ցոյց կատարեցին Թրամփի Բրիտանիա այցելութեան դէմ: Այցելութեան դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ բրիտանական այլ քաղաքներու մէջ:

Թրամփ ըսաւ, թէ «Տը Սան»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին չէ քննադատած վարչապետ Մէյը եւ պնդեց, որ անոր նկատմամբ «մեծ յարգանք» ունի: «Այստեղ կանգնած հոյակապ կինը հրաշալի գործ կը կատարէ, մեծ գործ կը կատարէ», ըսաւ ան:

Թրամփ ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ անհամբեր կը սպասէ Բրիտանիոյ հետ երկկողմանի առեւտուրի «մեծ» համաձայնութեան մը ամբողջացման:

Նախքան այդ, Թրամփ ըսած էր, որ Բրիտանիոյ վարչապետին հետ «կարգ մը հակաահաբեկչական հրաշալի բաներ» քննարկած է:

Նշենք, որ Թրամփ «Տը Սան»-ի հետ հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, թէ Մէյ ականջ չէ տուած «Պրեքզիթ»-ի շուրջ համաձայնութիւնը ինչպէս կնքելու իր խորհուրդին` ըսելով. «Եթէ ես ըլլայի, զայն շատ տարբեր ձեւով կ՛ընէի»:

Թրամփ նաեւ ըսաւ, թէ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Պորիս Ճոնսըն, որ Մէյի «Պրեքզիթ»-ի քաղաքականութեան անհամաձայն ըլլալուն համար այս շաբաթ հրաժարած էր, «հոյակապ վարչապետ» մը կրնայ ըլլալ` աւելցնելով. «Կը կարծեմ պէտք եղած արժանիքները ունի»:

Նախորդը

Միջազգային Դաշինքի Օդային Հարուածին Պատճառով Պուքամալի Մէջ Սպաննուած Են 54 Քաղաքայիններ

Յաջորդը

«Ամերիկացիներուն Պիտի Ստիպենք Հեռանալ Միջին Արեւելքէն» Կ՛ըսէ Վիլայեթի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.