Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Գիանջա (Գանձակ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն լոյսին տակ հրամայած է ուժեղացնել զինուորական կեդրոններու պաշտպանութիւնը եւ բարձրացնել զինուորներու բարոյահոգեբանական պատրաստութեան մակարդակը:
Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան յղում կատարելով, կը հաղորդէ, որ Հասանով աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ ընդգծած է Գիանջայի մէջ տեղի ունեցած սադրանքներու լոյսին տակ զօրամասերու մէջ պաշտպանութեան ուժեղացման, ինչպէս նաեւ յառաջատար ստորաբաժանումներու անձնակազմի սթափութեան մակարդակի, ամէնօրեայ ծառայութիւնը բարձր մակարդակով կազմակերպելու անհրաժեշտութեան կարեւորութիւնը:
«Նախարարը պատասխանատու անձերուն տուած է յստակ յանձնարարականներ` ուղղուած զինուորներու մարտական եւ բարոյահոգեբանական պատրաստութեան մակարդակի բարձրացման:
Յանձնարարած է նաեւ ուժեղացնել զինուորական կեդրոններու պաշտպանութիւնը», նշուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Գիանջայի մէջ կատարուածը անուանած էր Ազրպէյճանի պետականութեան դէմ ահաբեկչութիւն: Ալիեւի համաձայն, անոնց նպատակը հասարակութեան մէջ լարուածութիւն յառաջացնելն ու վախ տարածելն էր:
Ազրպէյճանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին` Գիանջայի մէջ քաղաքապետի դէմ մահափորձէն երկու օր ետք` 10 յուլիսին կազմակերպուած բողոքի ցոյցերու ժամանակ սպաննուած էին երկու բարձրաստիճան ոստիկաններ: Իշխանութիւնները մահափորձի եւ «ապստամբութիւններու» համար կը մեղադրեն օտար ուժերու դրդումով գործող իսլամական ծայրայեղականները:



