Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Գանձակի Իրադարձութիւնները Ահաբեկչութիւն Կոչած Է

Յուլիս 14, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Գիանջա (Գանձակ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կոչած է ահաբեկչութիւն ընդդէմ Ազրպէյճանի պետականութեան: Ալիեւի համաձայն, անոնց նպատակն էր հասարակութեան մէջ լարուածութիւն յառաջացնել եւ վախի մթնոլորտ սփռել: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Այդ ահաբեկչութիւններուն մասնակից բոլոր անձերը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին: Ճիշդ այդպիսի խնդիր դրուած է իրաւապահ մարմիններուն առջեւ», ըսած է Ալիեւ` ուժային մարմիններու ղեկավարութեան հետ խորհրդակցութեան ընթացքին:

Ալիեւ, յիշեցնելով, որ Գիանջայի մէջ ահաբեկչութիւններու պատճառով սպաննուած է ոստիկանութեան երկու բարձրաստիճան սպայ, նշած է, որ այդ յանցագործութիւններուն նպատակը Ազրպէյճանի մէջ կայունութիւնը խախտելն է:

«Այդ ահաբեկչութիւնները մեծագոյն յանցագործութիւններն են: Այդ ահաբեկչութիւնները գործուած են կրօնական կարգախօսներու անուան տակ, ինչ որ իսլամական կրօնին դէմ մեծագոյն յանցագործութիւնն է», ըսած է ան:

Ալիեւ ընդգծած է, որ այդ յանցագործութիւնները անպատասխան պիտի չմնան: Ան նաեւ շեշտած է, որ այդ ահաբեկչութիւնները գործած յանցաւոր խմբաւորումը կը վնասազերծուի:

«Ազրպէյճանի մէջ բազմիցս գործուած են յեղաշրջման փորձեր: Սակայն ոչ մէկ ուժ պիտի կարենայ խարխլել ժողովուրդին եւ կառավարութեան միասնութիւնը», ըսած է Ալիեւ:

Ուրբաթ առաւօտեան Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններու հետախուզական քայլերուն ընթացքին սպաննուած է Գիանջա քաղաքին մէջ ոստիկանի սպանութեան համար մեղադրուող Ռաշատ Պոյուքիշիեւը: Երէկ առաւօտեան զինք ձերբակալելու համար շղթայազերծուած գործողութեան ընթացքին Պոյուքիշիեւ զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուած է, այդ պատճառով ալ սպաննուած է:

Նաեւ կը հաղորդուի քաղաքին մէջ անկարգութիւններու 10 մասնակիցներու ձերբակալութեան մասին:

Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Վերջին Օրերուն Աշխուժացուցած Են
Ապօրինի Ձերբակալութիւններն Ու Հետապնդումները

Ազրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներու պաշտպանութեան կոմիտէի համակարգող Օքթայ Կուլիեւի համաձայն, երկրին իշխանութիւնները դարձեալ աշխուժացուցած են բռնաճնշումի քաղաքականութիւնը, կը շարունակեն ձերբակալութիւններու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ճնշման գործելաոճը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան փոխանցումով` Կուլիեւ այս մասին յայտնած է լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

Ըստ իրաւապաշտպանին, ձերբակալութիւնները աշխուժացած են Մինկեչաուրի ջրելեկտրակայանին մէջ արձանագրուած խանգարումէն եւ Գիանջայի (Գանձակ) քաղաքապետին դէմ տեղի ունեցած մահափորձէն ետք:

«Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Գիանջայի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցած բախումներէն ետք, 10 յուլիսէն սկսեալ ձերբակալուած է շուրջ 100 մարդ, իսկ պաշտօնական տուեալներով` 52 մարդ», յայտնած է ան:

Հետապնդումներ կը կատարուին այն անձերուն դէմ, որոնք քննադատած են երկրին իշխանութիւնները եւ ողջունած Եունիս Սաֆարովի կողմէ Գիանջայի քաղաքապետին դէմ կատարուած մահափորձը:

Կուլիեւի համաձայն, այս դէպքերուն լոյսին տակ Ազրպէյճանի մէջ արգելափակուած է առնուազն 4 համացանցային պարբերական:

Կուլիեւ նշած է, որ Գիանջայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հաւաստի տեղեկութիւնները կը բացակային: Ասոր պատճառը երկրին մէջ անկախ լրատուամիջոցներու բացակայութիւնն է, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող լրատուամիջոցներու գործունէութեան սահմանափակումը իշխանութեան կողմէ:

«Գիանջայի մէջ 10 յուլիսին տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւնները համոզիչ չեն, շատ բան յստակ չէ, որովհետեւ անկախ լրատուամիջոցները ոչնչացուած են, դէպքի վայրին մէջ անկախ լրատուամիջոցներ չեն եղած: Քննչական մարմինները չեն տրամադրեր դէպքերուն ընթացքը արտացոլող տեսանիւթեր», ըսած է Կուլիեւ:

Ան նշած է նաեւ, որ քաղաքական բանտարկեալները կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու եւ ճնշումներու, անոնց չեն թոյլատրեր հանդիպիլ հարազատներու հետ, անոնց մէջ կան հիւանդներ, որոնք բուժման կարիք ունին, սակայն անոնք համապատասխան բուժումի չեն ենթարկուիր:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր անձնական վերահսկողութեան տակ առած է Գիանջայի քաղաքապետ Էլմար Վելիեւի եւ անոր թիկնապահին դէմ 3 յուլիսի երեկոյեան կատարուած մահափորձէն ետք յարուցուած քրէական գործը:

Պաքուն, ինչպէս նաեւ երկրի շարք մը շրջաններ 2-էն 3 յուլիսի լուսցող գիշերուան ընթացքին յայտնուած էին խաւարի մէջ. պատճառը ելեկտրականութեան հոսանքի լայնածաւալ ընդհատումն էր:

Աւելի ուշ Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութիւնը բացատրեց, թէ խանգարման պատճառ դարձած է երկրին մէջ անբնական տաքը, որ յանգեցուցած է բնակչութեան կողմէ ելեկտրականութեան ուժանիւթի սպառման ծաւալներու յաւելման, ինչ որ խանգարած է ջրելեկտրակայանի շարժակներէն մէկը:

Ելեկտրականութեան հոսանքի լայնածաւալ ընդհատումն ու Գիանջայի քաղաքապետին դէմ մահափորձը նոր դժգոհութիւններու ալիք բարձրացուցած են Ազրպէյճանի հասարակութեան մէջ, ինչ որ իշխանութիւնները կը փորձեն ճնշել իրենց սովոր միջոցներով` զանգուածային ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու միջոցով:

 

 

Նախորդը

«Քիմ Չեն Ըն Կ՛ուզէ Հիւսիսային Քորէան «Բնական» Երկրի Վերածել» Կ՛ըսէ Ին

Յաջորդը

Միջազգային Դաշինքի Օդային Հարուածին Պատճառով Պուքամալի Մէջ Սպաննուած Են 54 Քաղաքայիններ

RelatedPosts

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու.  Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ  Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին  Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Մայիս 10, 2025
Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ  Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու  Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնութեան Յանգեցնէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?