Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի զինեալ ուժերու հարցերու յանձնախումբի անդամներէն ծերակուտական Լինտսի Կրահամ յայտնեց, որ Սուրիայէն Միացեալ Նահանգներու հեռացումը աղէտ մը պիտի ըլլայ անոնց քիւրտ դաշնակիցներուն համար:
«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ պէտք է ներկայութիւն մը պահպանեն` երաշխաւորելու համար ՏԱՀԵՇ-ի վերադարձի բացառումը եւ դէմ դնելու համար ռուսական ու իրանեան ազդեցութեան», ըսաւ ազդեցիկ ծերակուտականը:
«Ուաշինկթընի իսրայէլացի բարեկամները պէտք է զգուշ ըլլան Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ շուրջ համաձայնութիւններ գոյացնելու ընթացքին, որովհետեւ ատիկա Ամերիկայի շահերուն վրայ հետեւանքներ կ՛ունենայ», ըսաւ ան:
«Ես Սուրիոյ մէջ Իրանի կամ որեւէ այլ կողմի ներկայութեան հսկելու առաքելութեան մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ վստահութիւն չունիմ», յայտնեց Կրահամ:



