Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն Միջամտելու Համար Պատասխանատու Է Փութինը» Կ՛ըսէ Թրամփ

July 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը հաւատայ, որ Ռուսիան իրապէս միջամտած է նոյեմբեր 2016-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան, եւ այդ միջամտութեան համար պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը, որովհետեւ Ռուսիոյ ղեկավարն է: Այս մասին Թրամփ ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Երբ լրագրող Ճեֆ Կլոր Միացեալ Նահանգներու նախագահին հարցուցած է, թէ արդեօք Թրամփ անձամբ Փութինը պատասխանատու պիտի նկատէ՞ ենթադրեալ միջամտութեան համար, Միացեալ Նահանգներու նախագահը դրական պատասխան տուած է:

«Այո՛, որովհետեւ ան է երկրին ղեկավարը: Ատիկա նոյնն է, ինչ որ զիս պատասխանատու նկատելը այս երկրին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն համար: Ուստի ակնյայտ է, որ իբրեւ երկրի ղեկավար ան պէտք է պատասխանատու ըլլայ», ըսած է Թրամփ:

Ան նշած է, որ նախապէս բազմիցս յայտարարած է, որ Ռուսիան իրապէս միջամտած է ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ Փութինի հետ հելսինքեան հանդիպումին ընթացքին նախազգուշացուցած է իր ռուս պաշտօնակիցը ապագային որեւէ միջամտութիւն չընելու:

«Ես անոր ըսի, որ մենք ատիկա պիտի չհանդուրժենք, եւ ճիշդ այդպէս ալ պիտի ըլլայ», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Սակայն ամերիկեան յառաջատար լրատուամիջոցները, դեմոկրատական քոնկրեսականներն ու որոշ հանրապետականներ քննադատած են Թրամփի ըսածը` նկատելով, որ ատիկա պէտք էր ըսէր ոչ թէ հելսինքեան հանդիպումէն քանի մը օր ետք, այլ Փութինի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` հրապարակաւ քննադատելով ռուս պաշտօնակիցը:

Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը դատախազ Ռապըրթ Միւլըրի կողմէ 2016-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան Ռուսիոյ հաւանական միջամտութեան վերաբերեալ տարուող հետաքննութեան ծիրին մէջ նոր մեղադրանք ներկայացուցած է Ռուսիոյ 12 քաղաքացիի:

Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը կը մեղադրէ Քրեմլինը 2016-ի նախագահական ընտրութեան միջամտելու, դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի դէմ տեղեկութիւններ հրապարակելու եւ հանրապետական Թրամփի յաղթանակին աջակցելու յանցանքով:

Նախորդը

Անգարա Կը Հակադարձէ. Թրամփ Էրտողանէն Կը Պահանջէ Ազատ Արձակել Ամերիկացի Հոգեւորականը

Յաջորդը

«Ղութայի, Հոմսի Եւ Հարաւի Դիպաշարերուն Իտլիպի Մէջ Կրկնութիւնը Չենք Ուզեր» Կ՛ըսէ Անգարա

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.