Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց, որ «Թուրքիան բնաւ չ՛ուզեր Արեւելեան Ղութայի, հիւսիսային Հոմսի եւ ներկայիս Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի դիպաշարերուն կրկնութիւնը Իտլիպի նահանգին մէջ»` յայտնելով, որ «Տարաայի եւ Քնէյթրայի նահանգներուն մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիին դէմ սուրիական վարչակարգի յարձակումներուն պատճառով շարք մը անմեղներ սպաննուեցան եւ հարիւր հազարաւորներ տեղահանուեցան»:
«Մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այդ յարձակումները, որոնք կը վնասեն Ասթանայի եւ Ժընեւի մէջ գետնի վրայ բռնարարքները դադրեցնելու եւ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու համար շարունակուող բանակցութիւնները», նշեց նախարարութիւնը:
«Սուրիական վարչակարգը կը փորձէ խնդիրը լուծել զինուորական միջոցներով, սակայն Սուրիոյ մէջ այս միջոցով կարելի չէ օրինական իշխանութիւն հաստատել», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Մենք բացարձակապէս չենք ուզեր Արեւելեան Ղութայի եւ հիւսիսային Հոմսի մէջ տեղի ունեցած եւ այժմ Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցող դիպաշարին Իտլիպի մէջ կրկնութիւն», նշեց նախարարութիւնը` յիշեցնելով 14 յուլիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած այն զգուշացումը, որ Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ Իտլիպի դէմ շղթայազերծելիք յարձակումը Ասթանայի համաձայնութեան խախտում մը պիտի ըլլայ:
Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը երէկ յայտարարեց. «Հարաւային Սուրիոյ մէջ զինեալներուն գոյութեան վերջ տալու խնդիրը քանի մը օրուան հարց է»:
Միւս կողմէ, նշենք, որ երէկ Իտլիպի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ պաշարումի տակ գտնուող Ֆուղա եւ Քեֆրայա գիւղերու բնակչութեան դուրս բերման գործողութիւնը հասաւ իր աւարտին: