Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան կը կատարեն Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու հետագայ կրճատման եւ սահմանափակման միջոցներու մասին համաձայնութեան գծով իրենց պարտաւորութիւնները:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ատիկա հաստատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` 17 յուլիսին հրապարակելով երկու երկիրներուն կողմէ 5 փետրուար 2011-ին ուժի մէջ մտած համաձայնագիրին համապատասխան իրենց հիւլէական զինանոցներու կրճատման մասին տեղեկութիւնը:
 
			


