Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Կը Հակադարձէ. Թրամփ Էրտողանէն Կը Պահանջէ Ազատ Արձակել Ամերիկացի Հոգեւորականը

July 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեկնաբանած է Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի շուրջ ստեղծուած իրավիճակն ու կոչ ուղղած է թրքական իշխանութիւններուն քայլերու ձեռնարկելու:

«Թուիթըր»-ի վրայ Պրանսընի մասին կատարած հրապարակման մէջ Թրամփ նշած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Պրանսընը կոչած է «պատանդ» եւ շեշտած, որ Էրտողան պարտաւոր է բան մը ընել անոր ազատ արձակման համար:

«Ամերիկացի յարգարժան հոգեւորականը բանտէն չարձակելը Թուրքիոյ համար իսկական ամօթ է: Ան երկար ժամանակ կը պահուի իբրեւ պատանդ: Էրտողան պէտք է բան մը ընէ այս հրաշալի քրիստոնեայ ամուսինի եւ հօր ազատ արձակման համար, անոր ընտանիքը իր կարիքը ունի», գրած է Թրամփ:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ թրքական դատարանը մերժած էր Էտրիւ Պրանսընը ազատ արձակելու վերաբերեալ անոր փաստաբաններուն միջնորդութիւնը:

Ամերիկացի հոգեւորականը բանտին մէջ կը գտնուի 2016-էն ի վեր, անոր հետ կալանաւորուած էր անոր կինը, որ աւելի ուշ ազատ արձակուած է:

Նախապէս Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնած էր, որ Թուրքիան ազատ կ՛արձակէ ամերիկացի հոգեւորականը: Պրանսընին «գաղթի օրէնսդրութեան խախտման», «ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» եւ «քաղաքական ու զինուորական լրտեսութեան» մեղադրանքներով կը սպառնայ մինչեւ 35 տարուան ազատազրկում:

Նշենք, որ Պրանսըն եւ անոր կինը, որոնք Իզմիրի մէջ կը ղեկավարէին եկեղեցի մը, կալանաւորուած են անցեալ տարեվերջին` գաղթի օրէնսդրութեան խախտման մեղադրանքով:

Աւելի ուշ հոգեւորականին մեղադրանք առաջադրուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձի համար մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ կապերու համար:

Թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ, մեկնաբանելով Թրամփի կոչը, նշած է, որ Պրանսընին առնչուած դատական հոլովոյթը օրէնքի գերակայութեան սահմաններուն մէջ կը կատարուի:

«Այստեղ իրաւական հոլովոյթ կ՛ընթանայ, Թուրքիան օրէնքի երկիր է», ըսած է Աքսոյ:

 

 

Նախորդը

Զգուշացնելով Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի Անդամ Դառնալու Մտադրութենէն. «Մտածեցէ՛ք Հետեւանքներուն Մասին» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն Միջամտելու Համար Պատասխանատու Է Փութինը» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.