Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Տէյլի Թելեկրաֆ»-ի. Ռուսիան Մարտանաւեր Կը Կուտակէ Միջերկրականի Մէջ` Առ Ի Պատրաստութիւն Իտլիպի Դէմ Վերջին Յարձակումին

August 30, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիան, առ ի պատրաստութիւն Իտլիպի մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դէմ վերջին յարձակումին, առնուազն 10 մարտանաւեր եւ երկու սուզանաւեր կուտակած է Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ, ինչ որ 2015-ին Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութենէն ետք ռուսական մեծագոյն զինուորական ուժի կուտակումն է:

Օրաթերթը կը նշէ. «Ռուսական մարտանաւերու կուտակումին նպատակը միայն Ասատի ուժերուն Իտլիպի դէմ յարձակումին օդային հարուածներով եւ ծովէն հրթիռակոծումներով աջակցութիւնը չէ, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական միջամտութիւնը արգիլելը, եթէ Ասատ այդ յարձակումին մէջ օգտագործէ քիմիական զէնքեր»:

Բրիտանական օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն անցեալ շաբաթ զգուշացուց, որ իր երկիրը ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ Սուրիոյ բանակին կողմէ քիմիական զէնքի որեւէ նոր կիրարկումի, «սակայն ատկէ քանի մը օր ետք, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր տրամադրութեան տակ ունի փաստեր, թէ Իտլիպի մէջ ընդդիմադիր ուժերը ունին քիմիական զէնքեր եւ կը ծրագրեն զանոնք օգտագործել»:

Նախորդը

Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի. Ուաշինկթըն Կը Ծրագրէ Սուրիոյ Մէջ Տեղակայել Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգեր

Յաջորդը

«Թուրք-Ռուսական Յարաբերութիւնները Չեն Կրնար Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Այլընտրանք Ըլլալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.