Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Բոլոր Հողերը Ահաբեկչութենէն Ազատագրելու Վերջին Քայլի Եզրին Կը Գտնուինք» Կ՛ըսէ Մուալլեմ

August 31, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ երէկ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Մեր բոլոր հողերը ահաբեկչութենէն ազատագրելու վերջին քայլի եզրին կը գտնուինք»:

«Մոսկուա այս այցելութիւնը ճիշդ պահուն եղաւ` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցին շուրջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական, մշակութային եւ հասարակական գործակցութիւնը: Ինչպէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործընկերներ էինք, մենք կ՛ուզենք, որ գործընկերներ ըլլանք նաեւ վերաշինութեան մէջ», ըսաւ ան:

Մուալլեմ ըսաւ. «Հակառակ արեւմտեան սպառնալիքներուն, սուրիական ղեկավարութեան որոշումը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ յառաջ ընթանալն է»:

«Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ուրախ չեն տեսնելով Սուրիոյ մէջ իրենց ծրագիրին ձախողութիւնը, ուստի կ՛ուզեն Ապահովութեան խորհուրդի կամքէն անկախ յարձակում գործել Սուրիոյ դէմ եւ օժանդակել Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորման», նշեց սուրիական դիւանագիտութեան պետը:

Ան ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն կը փորձէ Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման դիպաշարը օգտագործել Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու համար` աւելցնելով, որ Սուրիան քիմիական զէնք օգտագործելու կարիքը չունի, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ ճակատամարտներուն մէջ յաղթանակ կ՛արձանագրէ:

Մուալլեմ յայտնեց, որ Դամասկոս որոշած է Իտլիպի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարիլ, ինչ ալ ըլլան զոհողութիւնները, եւ առաջնահերթութիւնը տեղական հաշտութեան է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ վերաշինութեան ժամանակը հասած է, որովհետեւ ահաբեկչութեան արմատախիլ ըլլալու գործողութիւնը մօտեցած է իր աւարտին:

Ան ըսաւ, թէ ահաբեկիչները լարուածութեան մեղմացման գօտիները կ՛օգտագործեն ռուսական ռազմակայաններուն դէմ յարձակում գործելու համար` նշելով, որ ահաբեկիչներուն կողմէ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտին Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայանին դէմ յարձակումի համար օգտագործելը անընդունելի է:

«Մեր արեւմուտքցի գործընկերները զգուշացուցինք Իտլիպի մէջ քիմիական նոր գրգռութիւններուն աջակցելու վտանգէն: «Սպիտակ սաղաւարտներ» կազմակերպութիւնը քիմիական զէնքի օգտագործման թատրոն կը պատրաստէ, ինչ որ արեւմուտքին համար Դամասկոսը դատապարտելու պատրուակ է», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, թէ Ռուսիան եւ Թուրքիան Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներն ու ընդդիմութիւնը իրարմէ անջատելու արհեստական պայմանաժամեր չեն ճշդեր` աւելցնելով, որ ատիկա պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ կատարել:

Նշենք, որ Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Իտլիպ նահանգը ահաբեկիչներու որջ մըն է, եւ այս կացութեան շարունակութիւնը լաւ պիտի չըլլայ»:

Միւս կողմէ, «Ժազիրա» երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը ֆոսֆորէ ռումբերով ռմբակոծած է Իտլիպի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Պատմա գիւղի մերձակայքը:

Նախորդը

Թրամփ Որոշ Երկիրներու Արտօնութիւն Տուած Է Առաւել Դիւրացուած Տարբերակով Պողպատ Ու Ալիւմինիոմ Արտածել Միացեալ Նահանգներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.