Փենթակոն հերքած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին հրթիռային հարուած հասցնելու Սուրիոյ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Փենթակոնի ներկայացուցիչ Էրիք Փեհոնի համաձայն, այդպիսի յայտարարութիւնները միայն քարոզչութիւն են: «Ատիկա ճիշդ չէ: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ մենք պատրաստ չենք գործելու նախագահի հրամանին պարագային: Ինչպէս գիտէք, մենք չենք խօսիր ապագայ զինուորական գործողութիւններու մասին կամ այն մասին, թէ ինչպիսի՞ն կրնայ ըլլալ կամ չըլլալ մեր արձագանգը Ասատի` քիմիական զէնքի օգտագործումով հարուածին», յայտարարած է Փեհոն:
«Միացեալ Նահանգներուն կը շարունակեն մտահոգել այն հաղորդագրութիւնները, թէ սուրիական կառավարական ուժերը զինուորական գործողութիւններ կը ծրագրեն Իտլիպի խաղաղ ժողովուրդին դէմ, ինչ որ կրնայ ունենալ սարսափելի հետեւանքներ», աւելցուցած է ան:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ խիստ մտահոգ են հետագային ապօրինի քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործումով:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթըն կրնայ հարուածել Սուրիան, եթէ սուրիական կառավարութիւնը երկրին մէջ քիմիական զէնք օգտագործէ: