«Սուրիական վարչակարգի ուժերուն սուրիական հիւսիսարեւմտեան Իտլիպ նահանգին դէմ սպասուող յարձակումը կրնայ պատճառ դառնալ 800 հազար անձերու տեղահանութեան: Վերջիններս արդէն իսկ մարդասիրական աղէտալի վիճակի մէջ են», զգուշացուց ՄԱԿ-ը:
Դամասկոսի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի բանբեր Լինտա Թոմ յայտարարեց. «Յարձակումը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին զգուշացուց Իտլիպի մէջ մարդկային աղէտէ մը: