Անգարան մտադիր է Թուրքիոյ մէջ արտադրել այն ապրանքները, որոնց ներածումը կը գերազանցէ 30 միլիառ տոլարը: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է երկրի արդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան նախարար Մուսթաֆա Վարանք:
«Զարգացման գործակալութիւնները 500 միլիոն լիրայի (83 միլիոն տոլար) աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն 1500 նախագիծերու, եւս 100 միլիոն լիրա (17 միլիոն տոլար) կը յատկացուի ճարտարագիտութիւններու զարգացման հարթակներուն աջակցելու համար», ըսած է նախարարը:
Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուհսար Պեքճան նախապէս յայտարարած էր, թէ Անգարան մտադիր է այսուհետեւ ալ շարունակել համաչափ պատասխանել Միացեալ Նահանգներու որեւէ գործողութեան:
«Մենք արդէն Միացեալ Նահանգներուն պատասխան տուած ենք Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կանոններով, մտադիր ենք այսուհետեւ ալ համաչափ պատասխաններ տալ», ըսած է նախարարը:



