Միջազգային

«Թուրքերը Պէտք Է Հասկնան,  Որ Իտլիպը Սուրիական Հող Է»  Կ՛ըսէ Մուալլեմ

«Թուրքերը Պէտք Է Հասկնան, Որ Իտլիպը Սուրիական Հող Է» Կ՛ըսէ Մուալլեմ

Սուրիական բանակը չ՛ուզեր Իտլիպի մէջ հանդիպիլ թրքական զինեալ ուժերուն: «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ: Նախարարը նշած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ Իտլիպը սուրիական հող է: «Թուրքերը պէտք է հասկնան, որ Իտլիպը սուրիական հող է: Սուրիան որոշակի կարմիր գիծ ունի, եւ ատիկա կը վերաբերի նաեւ տարածքային ամբողջականութեան...

«Ասատ Պատերազմին Մէջ Յաղթեց, Սակայն  Չհասաւ Խաղաղութեան Հաստատման»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Ասատ Պատերազմին Մէջ Յաղթեց, Սակայն Չհասաւ Խաղաղութեան Հաստատման» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յաղթած է պատերազմին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը: «Ասատ յաղթած է պատերազմին մէջ: Մենք ատիկա պէտք է ընդունինք», յայտարարեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ Ասատ յաղթած է պատերազմին մէջ, սակայն չէ հասած խաղաղութեան հաստատման: Լը Տրիանի կարծիքով` խաղաղութեան հաստատման համար Դամասկոս կարիքը ունի «միջազգային միջնորդներու մասնակցութեամբ...

Ամման Կտրուկ Կերպով Կը Մերժէ Յորդանանի  Եւ Պաղեստինի Միջեւ  Համադաշնակցութեան Գաղափարը

Ամման Կտրուկ Կերպով Կը Մերժէ Յորդանանի Եւ Պաղեստինի Միջեւ Համադաշնակցութեան Գաղափարը

Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Ժումանա Ղունէյմաթ յայտնեց, որ Յորդանանի եւ Պաղեստինի միջեւ համադաշնակցութեան կազմութեան գաղափարը քննարկումի չէ դրուած` նշելով. «Պաղեստինեան դատին վերաբերեալ յորդանանեան դիրքորոշումը յստակ է եւ հիմնուած երկու պետութիւններու եւ 1967-ի սահմաններով ու արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով Պաղեստինի պետութեան հաստատման վրայ»: Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նշեց, որ Յորդանանի եւ Այսրյորդանանի միջեւ համադաշնակցութիւն յառաջացնելու ամերիկեան առաջարկը, որ ներկայացուած է...

Ժիրինովսքի. «ՕԹԱՆ-ի Ինճիրլիք Ռազմակայանը  Կրնայ Ռուսականի Վերածուիլ»

Ժիրինովսքի. «ՕԹԱՆ-ի Ինճիրլիք Ռազմակայանը Կրնայ Ռուսականի Վերածուիլ»

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը նախընտրէ Ռուսիոյ հետ ըլլալ, քան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար հերթի կանգնիլ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Սփութնիք»-ին: Ժիրինովսքի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ Ռուսիա պէտք է անմիջապէս Իրանէն եւ Թուրքիայէն պահանջէ իրենց տարածքներուն մէջ ռուսական ծովուժի եւ օդուժի...

Իրան Եւ Իրաք Կը Հրաժարին Տոլարով  Երկկողմանի Առեւտուր Կատարելէ

Իրան Եւ Իրաք Կը Հրաժարին Տոլարով Երկկողմանի Առեւտուր Կատարելէ

Էրտողան Կոչ Ուղղած Է Վերջ Տալու Համաշխարհային Առեւտուրին Մէջ Տոլարի Գերիշխանութեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ անհրաժեշտ է վերջ տալ համաշխարհային առեւտուրին մէջ տոլարի գերիշխանութեան: Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան մասնաւորաբար նշած է, թէ համաշխարհային առեւտուրին մէջ տոլարէն կախուածութիւնը մեծ խնդիր դարձած է: Էրտողան մեկնաբանած է, որ անհրաժեշտ է աստիճանաբար դադրեցնել տոլարի մենաշնորհը` տեղական եւ...

«Կազփրոմ» Աւարտած Է «Թրքական Հոսք»-ի  80 Առ Հարիւրի Կառուցումը

«Կազփրոմ» Աւարտած Է «Թրքական Հոսք»-ի 80 Առ Հարիւրի Կառուցումը

«Կազփրոմ» կառուցած է «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի ընդհանուր երկարութեան 80 առ հարիւրը: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլըրը: «Կը շարունակուի Եւրոպայի ուղղութեամբ «Կազփրոմ»-ի կարեւորագոյն արտածման նախագիծերու իրականացումը: Արդէն կը կատարուին նախապատրաստական աշխատանքներ Գերմանիոյ տարածքային ջուրերուն մէջ` Լիւպմին քաղաքի շրջանին մէջ, «Հիւսիսային հոսք-2» կազի խողովակաշարի խողովակներու զետեղման համար: Կ՛ընթանայ «Թրքական հոսք» կազի...

«Միացեալ Նահանգներ Երբեք Պիտի Չդիմեն  Թուրքիոյ Պէս Դաշնակից Մը Կորսնցնելու Քայլին»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Միացեալ Նահանգներ Երբեք Պիտի Չդիմեն Թուրքիոյ Պէս Դաշնակից Մը Կորսնցնելու Քայլին» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Միացեալ Նահանգներ երբեք պիտի չդիմեն Թուրքիոյ պէս դաշնակից մը կորսնցնելու քայլին: Թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ: Քուրթուլմուշ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ շարունակուող լարուածութիւնը մեկնաբանելով նշած է, որ Թուրքիան համարժէք պատասխան կու տայ իր դէմ ուղղուած ճնշումներուն եւ պիտի շարունակէ նոյն ձեւով գործել: «Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները առաջին...

«Միացեալ Նահանգները Տակաւին Չեն  Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Միացեալ Նահանգները Տակաւին Չեն Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, երկրին մէջ շարունակուող տնտեսական ճգնաժամին համար մեղադրած է արտաքին ուժերը, յատկապէս` Միացեալ Նահանգները: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը հաւաստած է, որ այդպիսի դժուարութիւններ չեն վախցներ զիրենք: «Հիմա ալ անոնք կը փորձեն տնտեսութեան միջոցով մեզ նեղի մատնել: Ի հարկէ, Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ կան կառուցուածքային խնդիրներ, մենք այդ մասին գիտենք ու այժմ կ՛աշխատինք...

Թուրքիոյ Մէջ Կրնայ Արգիլուիլ Տոլարով  Անշարժ Գոյքի Գնումը Կամ Վարձքը

Թուրքիոյ Մէջ Կրնայ Արգիլուիլ Տոլարով Անշարժ Գոյքի Գնումը Կամ Վարձքը

Թուրքիոյ մէջ կրնայ արգիլուիլ տոլարով անշարժ գոյքի գնումը կամ վարձքը, խօսքը յատկապէս մեծ առեւտուրի կեդրոններուն մէջ տարածք վարձելու կամ գնելու մասին է: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահին փեսան` Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Պերաթ Ալպայրաքը: Նախարարը նշած է, որ օտար դրամանիշերու տատանումներուն իբրեւ հետեւանք յառաջացող տնտեսական ցնցումներէն խուսափելու համար իրենք կը...

«Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Վեհաժողովը  Ի Շահ Ամբողջ Տարածաշրջանին Է»  Կ՛ըսէ Պաքու

«Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Վեհաժողովը Ի Շահ Ամբողջ Տարածաշրջանին Է» Կ՛ըսէ Պաքու

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց. «Պաքու միշտ զօրակցած է շրջանային գործակցութեան, եւ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ սպասուող եռակողմ վեհաժողովը կը նկատէ ամբողջ տարածաշրջանի շահերէն բխող»: «Ազրպէյճան մնայուն կերպով զօրակցեցաւ շրջանային երկխօսութեան ու գործակցութեան նաեւ իր դերը կատարեց դրացի եւ շրջանային երկիրներու միջեւ գործակցութեան ամրապնդման մէջ», նշեց ան: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց. «Ազրպէյճան միշտ եռակողմ մեքանիզմներ...

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Պաղեստինցի  Գաղթականներուն 300 Միլիոն Տոլարի  Օժանդակութիւն Տրամադրել

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Պաղեստինցի Գաղթականներուն 300 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Տրամադրել

Միացեալ Նահանգներ դադրեցուցած են ՄԱԿ-ի գրասենեակին` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին տրամադրուող օգնութիւնը, որ նախատեսուած էր պաղեստինցի գաղթականներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ խօսքը կը վերաբերի 300 միլիոն տոլարի, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են վճարել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգներ «այլեւս պիտի չֆինանսաւորեն այդ անուղղելի սխալ գործողութիւնը»: «Էսոշիէյթըտ Փրես» կը...

Մաքրոն Անիմաստ Կը Գտնէ Թուրքիոյ Եւրոպական  Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ  Բանակցութիւնները. Անգարա Կը Պատասխանէ

Մաքրոն Անիմաստ Կը Գտնէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները. Անգարա Կը Պատասխանէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան անկարելիութեան վերաբերող յայտարարութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիէթ» օրաթերթը: Մաքրոն ըսած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հակաեւրոպական ու փանիսլամական քաղաքականութիւն որդեգրած են, եւ այս պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցիլը իմաստ չունի: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ թրքական կողմը խոր ափսոսանք յայտնած...

Չաւուշօղլու. «Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութիւնը Թուրքիոյ Համար  Առաջնահերթութիւն Է»

Չաւուշօղլու. «Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Թուրքիոյ Համար Առաջնահերթութիւն Է»

Կառավարման նախագահական համակարգի անցնելէն ետք եւս Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը Թուրքիոյ համար կը նկատուի առաջնահերթութիւն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: «Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը մեզի համար առաջնահերթութիւն եղած է բոլոր ծրագիրներուն մէջ, եւ ատիկա կը պահպանուի նախագահական համակարգի անցնելէ ետք եւս: Մենք պիտի վերականգնենք բանակցութիւնները նոր մաքսային միութեան եւ մուտքի...

Նախագահին Ու Նախարարներու Հետ Հանդիպումին.  Խամենէի. «Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ  Համաձայնութիւնը Մէկդի Պիտի Նետենք,  Եթէ Չպահպանէ Մեր Շահերը»

Նախագահին Ու Նախարարներու Հետ Հանդիպումին. Խամենէի. «Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւնը Մէկդի Պիտի Նետենք, Եթէ Չպահպանէ Մեր Շահերը»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սայետ Ալի Խամենէի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին ու նախարարաց խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ գործողութիւններու համապարփակ ծրագիրի համաձայնութիւնը մէկդի պիտի նետէ, եթէ չպահպանէ Իրանի շահերը: Ան կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներուն համաձայնութենէն դուրս գալէն ետք, անոր փրկութեան համար յոյս չկապելու Եւրոպային: Խամենէի ըսաւ, որ եւրոպացիները իրանեան կառավարութեան պաշտօնատարներուն վերաբերումէն պէտք է հասկնան,...

Տերսիմ Հասած Քրտամէտ Կուսակցութեան  Անդամներուն Արգիլուած Է  Հրդեհի Գօտի Մուտք Գործել

Տերսիմ Հասած Քրտամէտ Կուսակցութեան Անդամներուն Արգիլուած Է Հրդեհի Գօտի Մուտք Գործել

Տերսիմ մեկնած Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն բաղկացած պատուիրակութեան արգիլուած է Օվաջըք եւ Խոզաթ գաւառներէն մուտք գործել հրդեհի գօտի: Իբրեւ արգելքի հիմնաւորում տրուած է այն պատճառաբանութիւնը, թէ` «տուեալ տարածքներուն մէջ թրքական զինեալ ուժերը գործողութիւն կը կատարեն ՔԱԿ-ի մարտիկներուն դէմ»: Որոշ ժամանակ նստացոյց կատարած պատուիրակութեան անդամները փորձած են նաեւ Բերդակ գաւառէն մտնել Տերսիմի հրդեհուած շրջաններ, սակայն անոնց այդ նախաձեռնութիւնը եւս կանխարգիլուած է...

Սասունի Մէջ Թուրք-Քրտական Բախումներ.  Թրքական Կողմը Կորուստներ Ունի

Սասունի Մէջ Թուրք-Քրտական Բախումներ. Թրքական Կողմը Կորուստներ Ունի

Սասուն նահանգի Քոզլուք շրջանին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են թրքական զինեալ ուժերու եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն միջեւ: Թրքական ՏՀԱ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ բախումներուն պատճառով թրքական կողմը կորուստներ կրած է: Ըստ Թրքական բանակին, սպաննուած են երկու թուրք զինուորներ: Կը նշուի, որ տարածքին մէջ սկսած է յատուկ գործողութիւն` յարձակումը գործած զինեալները յայտնաբերելու համար:  

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Միջերկրականի Մէջ  Ռուսական Ծովուժի Ռազմափորձը

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Միջերկրականի Մէջ Ռուսական Ծովուժի Ռազմափորձը

Ռուսական ծովուժի հրամանատար ծով. Վլատիմիր Քորոլով յայտարարեց, թէ 1-8 սեպտեմբերին Միջերկրական ծովուն մէջ Ռուսիոյ ծովուժի ռազմափորձին պիտի մասնակցին 26 մարտանաւեր, 2 սուզանաւեր եւ 34 պատերազմական օդանաւեր: Ան յայտնեց, որ նախօրօք յայտարարուած է, թէ այն շրջանները, ուր տեղի պիտի ունեայ այդ ռազմափորձը, վտանգաւոր են նաւարկումին ու թռիչքներու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Էրիք Փէյհըն,...

«Ժապհաթ Նուսրան Թուրքիոյ Սահմանին Վրայ 200 Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստանձնեց»  Կը Հաղորդէ «Սփութնիք»

«Ժապհաթ Նուսրան Թուրքիոյ Սահմանին Վրայ 200 Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ստանձնեց» Կը Հաղորդէ «Սփութնիք»

Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ զինեալ խմբաւորումները Իտլիպի գիւղական շրջանի Սարմատա շրջանին մէջ 200 անօդաչու թռչող սարքեր փոխադրած են Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոնատեղին, որ կը գտնուի Իտլիպ քաղաքի Մուհանտիսին թաղին մէջ, ուր անոնց բարեփոխման վրայ կ՛աշխատին թուրք եւ չեչեն մասնագէտներ: «Սփութնիք» նշեց, որ նշեալ անօդաչու թռչող սարքերը սուրիական հողամասեր մուտք գործած են Թուրքիոյ սահմանէն` առեւտրականի...

Այսօր Փութին-Ալիեւ  Հանդիպում` Սոչիի Մէջ

Այսօր Փութին-Ալիեւ Հանդիպում` Սոչիի Մէջ

Այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ Ռուսիա կը հասնի պաշտօնական այցելութեամբ: «Ղեկավարները պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի առանցքային նիւթերը, ներառեալ` առեւտրատնտեսական փոխշահաւէտ համագործակցութեան հեռանկարները: Միտքեր պիտի փոխանակուին նաեւ միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ», կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, թէ բանակցութիւններուն աւարտին կը նախատեսուի...

Էրտողան. «Էս-400»-ները  Պիտի Ստանձնենք, Եւ Վերջ»

Էրտողան. «Էս-400»-ները Պիտի Ստանձնենք, Եւ Վերջ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիան կարիքը ունի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն` նշելով. «Համաձայնագիր ստորագրեցինք, համակարգը գնուեցաւ, մօտ օրէն զանոնք պիտի ստանձնենք, եւ վերջ»: «Թուրքիան «Էս-400» ռուսական հակաօդային համակարգերուն կարիքը ունի: Անոնց շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է: Յոյսով ենք, որ մենք զանոնք պիտի ստանանք հաւանական ամէնէն կարճ ժամկէտին», ըսաւ ան: Էրտողան նաեւ նշեց, որ Անգարան նոյն ատեն...

Page 584 of 884 1 … 583 584 585 … 884

Արխիւներ