Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին «Պէտք Է Մեկուսացնել Իրանի Վարչակարգը» Յայտարարեց Թրամփ

Սեպտեմբեր 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Իրանի դէմ ամերիկեան յաւելեալ պատժամիջոցները ուժի մէջ պիտի մտնեն նոյեմբերի սկիզբը, եւ անոնց պիտի հետեւին այլ պատժամիջոցներ:

Ան ըսաւ, թէ Իրանի ղեկավարները «կը զօրակցին քանդումին ու քաոսին եւ չեն յարգեր մերձակայ երկիրները»:

Թրամփ յայտնեց, որ շրջանի շարք մը երկիրներ զօրակցած են իր երկրին Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրէն հեռանալուն: Ան ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց «մեկուսացնելու իրանեան վարչակարգը, այնքան ատեն որ կը շարունակէ իր նախայարձակումը»:

Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ներկայ չգտնուեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին խօսքի արտասանումին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ իր վարչակազմը յաջողութեամբ կ՛իրագործէ Միջին Արեւելքի մէջ վարած քաղաքականութիւնը:

Խօսելով Սուրիոյ մասին` ան նշեց, որ շրջանին մէջ ապակայունացնող քայլեր կը կատարէ Իրանը, որ կը սատարէ ահաբեկիչներուն, կը միջամտէ շրջանի երկիրներու ներքին գործերուն եւ նոյն ատեն կը հալածէ սեփական ժողովուրդը:

«Մենք չենք կրնար «Մա՛հ Ամերիկային» վանկարկող եւ Իսրայէլի ոչնչացման նպատակի մասին խօսող վարչակարգին արտօնել ձեռք բերել հիւլէական զէնք եւ զայն կրող հրթիռներ», աւելցուց ան:

Թրամփ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն ուժանիւթային անվտանգութեան ապահովման կը հաւատան: Ան ըսաւ, թէ իր  երկիրը միայն իր բարեկամներուն օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ` աւելցնելով. «Պիտի սերտենք ամերիկեան օժանդակութեան քաղաքականութիւնը` իմանալու համար, թէ զայն ստացող երկիրները մեր շահերը կը պաշտպանե՞ն, թէ՞ ոչ»:

Ռուհանի. «Ժողովուրդներու Անվտանգութիւնը Ուաշինկթընի Ձեռքին Խաղալիք Չէ,
Իսկ Ապահովութեան Խորհուրդը Ամերիկեան Շրջանակ Մը Չէ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պէտք է վերջ տալ ոմանց ցնորքին, թէ կարելի է անվտանգութիւն ու խաղաղութիւն հաստատել ուրիշներու հաշուոյն»:

Ան ըսաւ, թէ ՄԱԿ-ը պէտք չէ արտօնէ, որ ուրիշներու ձեռքին խաղալիք ըլլայ: «Ուաշինկթըն միջազգային կառոյցներուն կը սպառնայ, թէ զանոնք պիտի պատժէ, եթէ (Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրը որդեգրող ՄԱԿ-ի) թիւ 2231 որոշումը գործադրեն», ըսաւ ան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ եւրոպական պետութիւններուն Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած համաձայնագիրին նկատմամբ իրենց կեցուածքին համար` աւելցնելով. «Անոնց հաւատարմութիւնը ատոր մէջ մնալ շարունակելնուս հիմնական պայմանը կը նկատենք»:

Իրանի նախագահը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` վերամիանալու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 որոշումի գործադրութեան` շեշտելով. «Երկխօսութեան այլընտրանքը գոյութիւն չունի, սակայն երկխօսութիւնը հիմնուած է հաւասարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ»:

Ըստ անոր, հաւատադրժողականութիւնն ու պատժամիջոցները նոյն դրամին երկու երեսներն են:

Ռուհանի Հորմուզի նեղուցին կարեւորութիւնը նշեց եւ ըսաւ.«Այդ նեղուցին սպառնացող որեւէ վտանգ պիտի դիմակայենք»:

Ինչ կը վերաբերի վերջերս Ահուազի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին, ան ըսաւ, թէ անոր հեղինակները կը բնակին արեւմտեան երկիրներու մէջ եւ Արաբական ծոցի երկիրներէն կը ֆինանսաւորուին: «Ինչո՞ւ կարգ մը երկիրներ ահաբեկիչներուն դրամ կը տրամադրեն իրանցի ժողովուրդին դէմ յարձակում գործելու համար», հարց տուաւ ան:

Խօսելով Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութեան մասին` Ռուհանի յայտնեց. «Սուրիական տագնապին սկիզբէն մերժեցինք Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւնն ու զգուշացուցինք ահաբեկիչներուն աջակցելէ»` աւելցնելով. «Մեր խորհրդականներուն Սուրիա ներկայութիւնը սուրիական կառավարութեան խնդրանքով է»:

Ան ընդգծեց, որ Եմէնի հարցը կարելի է լուծել միայն ներքին երկխօսութեան ճամբով, եւ Իրան պատրաստ է այդ ուղղութեամբ որեւէ օժանդակութիւն տրամադրելու:

Մաքրոն ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Քննադատած Է Թրամփը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին քննադատութեամբ պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «իրանեան վարչակարգը մեկուսացնելու մասին խօսքերուն` չյիշատակելով Միացեալ Նահանգները կամ երկրի նախագահին անունը: Այս մասին կը հաղորդէ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը:

Ֆրանսայի նախագահը իրանեան ճգնաժամի լուծման հարցին մէջ «երկխօսութեան եւ բազմակողմանի մօտեցման» կոչ ուղղած է:

«Այդ միակողմանի ուղին մեզ կը տանի դէպի անկում եւ տագնապներ, բոլորը բոլորին դէմ ընդհանուր առճակատման` ի վնաս նոյնիսկ անոնց, որոնք իրենք զիրենք ամէնէն ուժեղը կը նկատեն», ըսած է Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է, որ «միակողմանի ճնշումը» չի կրնար Իրանի մէջ իրավիճակի կայունացման հոլովոյթի սկսիլ:

Մաքրոն նաեւ երկիրներուն կոչ ուղղած է առեւտրական համաձայնագիրներ չկնքելու պետութիւններու հետ, որոնք չեն կատարեր Կլիմայի վերաբերեալ փարիզեան համաձայնագիրի պայմանները, առանց յիշատակելու Միացեալ Նահանգները, որոնք դուրս եկած են 2017-ին կնքուած համաձայնագիրէն:

Ֆրանսայի նախագահը իր ամերիկացի պաշտօնակիցին կոչ ուղղած է Իրանին արտօնելու շարունակել քարիւղի արտածումը` ատիկա բացատրելով քարիւղի համաշխարհային գիներու պահպանումով:

Պելճիքայի Վարչապետ. «Ուաշինկթըն Չի Կրնար Եւրոպացիներուն
Փոխարէն Որոշել, Թէ Որուն Հետ Պէտք Է Առեւտուր Ընել»

Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար եւրոպական ընկերութիւններուն փոխարէն որոշել, թէ որո՛ւն հետ եւ ո՛ւր առեւտուր պէտք է կատարել եւ զարգացնել տնտեսական գործունէութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Մենք չենք կրնար համաձայնիլ, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛որոշեն, թէ եւրոպական ընկերութիւնները ո՛ր շրջաններու հետ կրնան առեւտուր կատարել», ըսաւ վարչապետը:

Պելճիքայի վարչապետը նաեւ նշեց, որ իրենք «միամիտ չեն Իրանի եւ անոր շրջանային դերակատարութեան կարեւորութեան հարցին մէջ: Նոյն ատեն, իրանեան հիւլէական ուժանիւթը կազմաքանդելու մասին համաձայնագիրը քաղաքական երկխօսութեան ճամբայ կը բանայ` Իրանի մէջ աջակցելու համար այն ուժերուն, որոնք կ՛ուզեն արդիականացնել երկիրը, ամրապնդել տնտեսութիւնը եւ որոնք պատրաստ են ստանձնելու հիւլէական լարուածութեան մեղմացման վերաբերեալ պարտաւորութիւններ», նշած է Միշել:

Նշենք, որ Պելճիքայի վարչապետը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահին հետ:

 

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Իրանէն Բնական Կազ Ներածել, Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Վեց Ամսուան Մէջ Վեց Պատերազմներու Վերջ Տուի»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?