Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իրանի հարցով խորհրդաժողովի ընթացքին իրանեան իշխանութիւնները կոչած է «անօրինականութեան վարչակազմ» եւ եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է խզելու Իրանի հետ բոլոր դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Վերջին 40 տարուան ընթացքին Իրանի ձեռքբերումները ցոյց տուած են, որ անիկա ՄԱԿ-ի կանոնագրութիւնը խախտողներու շարքին է: Ասիկա իրական անօրինականութեան վարչակարգ է», յայտարարած է Փոմփէօ` Իրանը մեղադրելով Եւրոպայի, Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ասիոյ մէջ ահաբեկչութիւններու կազմակերպման համար:
Ան նաեւ նշած է, որ իր երկիրը պիտի փափաքէր, որ աւելի շատ եւրոպական պետութիւններ հետեւէին Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած պետութիւններու օրինակին:
«Իբրեւ ահաբեկչութեան աջակցութեան արդար պատասխան` քանի մը շաբաթ առաջ մեր դաշնակիցները դադրեցուցած են բոլոր դիւանագիտական ուղեւորութիւնները դէպի Իրան… Յոյս ունինք տեսնել աւելի շատ նմանատիպ քայլեր այլ եւրոպական երկիրներու կողմէ», նշած է ան: