Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգները այլ պետութիւններուն պիտի չարտօնեն գործել` շրջանցելով Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Պոլթընի համաձայն, ամերիկեան կողմը մտադիր է հետեւիլ Եւրոպական Միութեան եւրոպական ընկերութիւնները ամերիկեան պատժամիջոցներէն պաշտպանելու նախաձեռնութեան:
«Մենք չենք պատրաստուիր արտօնելու, որ Եւրոպան կամ ոեւէ մէկը շրջանցէ մեր պատժամիջոցները», յայտարարած է ան:
«Տը Կարտիըն» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Պոլթըն ըսած է, թէ ամերիկեան վարչակազմը նախազգուշացուցած է Թեհրանը, որ ստիպուած պիտի ըլլայ բարձր գին վճարել, եթէ շարունակէ խոչընդոտել Միացեալ Նահանգներուն կամ իր դաշնակիցներուն:
«Արնախում վարչակարգը եւ ատոր աջակիցները զգալի հետեւանքներ պիտի ունենան, եթէ չփոխեն իրենց պահուածքը», ըսած է ան:
«Այսօրուան ուղերձը թող յստակ ըլլայ` մենք կը հետեւինք ձեր գործողութիւններուն, եւ պիտի գանք ձեր ետեւէն: Եթէ դուք փորձէք մեզ, մեր դաշնակիցները կամ գործընկերները խոչընդոտել, եթէ դուք վնասէք մեր քաղաքացիներուն, եթէ դուք շարունակէք ստել եւ խաբել, այո՛, դուք ստիպուած պիտի ըլլաք ատոր համար բարձր գին վճարել», աւելցուցած է ան: