Բրիտանիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութեան` «Էմ.Այ.6»-ի նախկին ղեկավար Ռիչըրտ Տիրլաւ պատմած է, որ նշեալ ծառայութեան մէջ կ՛ափսոսան, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին օգնած են իշխանութեան գալ: Այդ մասին կը գրէ բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը:
Տիրլաւ մասնաւորաբար պատմած է, որ 2000 թուականին` Ռուսիոյ նախագահական ընտրութեան նախաշեմին, իրեն դիմած է Լոնտոն գտնուող Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակի սպայ մը եւ խնդրած Փութինի հրաւէրով կազմակերպել այդ ժամանակ Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլերի այցելութիւնը Ս. Փեթերսպուրկ` «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» օփերայի առաջին ներկայացման առիթով:
«Մենք երկար քննարկում կատարած ենք Լոնտոնի մէջ, թէ արդեօք Պլերը պէ՞տք է ընդունի հրաւէրը, թէ՞ ոչ, եւ որոշեցինք, որ ատիկա իւրայատուկ եւ արտասովոր բացում է», յայտարարած է «Էմ.Այ.6»-ի նախկին ղեկավարը:
Ան աւելցուցած է, որ այժմ «Էմ.Այ.6»-ի մէջ կը ցաւին, որ «ամրապնդած են Փութինի հեղինակութիւնը», սակայն այդ ատեն Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բաւական լաւ էին: