Միացեալ Նահանգներ ուժի եւ քաղաքական ճնշումի միջոցով Իրանին պիտի չստիպեն Սուրիայէն հեռանալ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի:
«Մենք իրանցիներուն պիտի չստիպենք հեռանալ Սուրիայէն: Մենք չենք կրնար անոնց ստիպել, եւ ես չեմ կարծեր, որ ռուսերը պիտի կարենան անոնց ստիպել Սուրիայէն հեռանալ, որովհետեւ հարկադրանքը ռազմական ուժ կ՛ենթադրէ… ատիկա կը վերաբերի քաղաքական ճնշումին», յայտարարած է Ճեֆրի` Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Նշենք, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ հասնիլ Սուրիոյ տարածքէն իրանեան ուժերու հեռացման` ատիկա ներկայացնելով իբրեւ նախապայման երկրի վերականգնման հարցին մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:
Միւս կողմէ, Ճեֆրի նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կարծեր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական տագնապին մէջ յաղթանակ արձանագրած է եւ Ռուսիան պարտաւոր է անոր աջակցիլ:
«Պաշշար Ասատ կրնայ ներկայիս ինքզինք յաղթական նկատել եւ Սուրիոյ տարածքին աւելի քան կէսին կը վերահսկէ, սակայն բնակչութեան կէսը իր վերահսկողութեան տակ չէ: Ան նստած է գրեթէ տնտեսութենէ զուրկ պետութեան դիակին վրայ: Աւելի՛ն. ան չի կրնար կազի ու քարիւղի աղբիւրներուն հասնիլ եւ տնտեսական վերելքի առանց խոստմնալից յոյսի է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ անոր կ՛արգիլեն: Ուստի կը կարծեմ, որ ան որեւէ յաղթանակ չէ արձանագրած», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:
«Չեմ կարծեր, որ Ռուսիան այդ բարեկամ կառավարութեան պէտք ունի, որովհետեւ այդպիսի կառավարութեան աջակցութիւն ցուցաբերելը շատ ծախսալից է: Սակայն եթէ ուզեն այդ մարդը (Ասատը, «Ա.») ունենալ, չենք կրնար զիրենք անկէ ձերբազատուելու համոզել, սակայն ատիկա շատ սուղի պիտի նստի», նշեց Ճեֆրի:



