Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Քերչի նեղուցին մէջ տիրող կացութեան պատճառով կրնայ ջնջել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումը, որ նախատեսուած է Արժանթինի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծեց, որ կը սպասէ միջադէպին վերաբերեալ «լիարժէք զեկուցումին», որ պէտք է ներկայացնէ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով զբաղող խումբը:
«Ատիկա (զեկուցումը, «Ա.») բաւական վճռորոշ նշանակութիւն պիտի ունենայ», ըսաւ Թրամփ:
«Թերեւս (Փութինի հետ) հանդիպում չունենամ: Այդ յարձակումը ինծի համար անախորժ է: Ես առհասարակ յարձակում չեմ ուզեր», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ նախապէս յայտնած էր, որ Թրամփ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Փութինի եւ շարք մը այլ միջազգային ղեկավարներու հետ:
Կը նախատեսուի, որ անոնց շարքին ըլլայ Արժանթինի նախագահը, ինչպէս նաեւ Ճափոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետները:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Եւրոպային կոչ կ՛ուղղեն «աւելի շատ բան ընել» Ուքրանիոյ աջակցելու համար, ներառեալ` խստօրէն հետեւիլ հակառուսական պատժամիջոցներուն:
«Մենք պիտի ուզէինք, որ եւրոպացի դաշնակիցները աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերէին Ուքրանիոյ: Միացեալ Նահանգները վճռական դիրքորոշում ունին Ուքրանիոյ աջակցելու հարցին մէջ, եւ մենք պիտի ուզէինք, որ միւս երկիրները նոյնպէս աւելի շատ բան ընէին», յայտարարեց Նոուըրթ:
Ըստ անոր, եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ Խրիմի եւ Ուքրանիոյ պատճառով պատժամիջոցներ հաստատած են Ռուսիոյ դէմ, սակայն փորձագէտները կը պնդեն, որ ոչ բոլոր պատժամիջոցները լիովին հաստատուած են:
Նոուըրթ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն, որ դաշնակից երկիրները պիտի հետեւին պատժամիջոցներու քաղաքականութեան: