Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ուքրանիան յորդորեց «խոհեմանալու եւ խելացի մօտեցում ցուցաբերելու» Սեւ ծովու ռուսական ջուրեր մուտք գործած իր երեք նաւերու գրաւման հարցին նկատմամբ:
«Այդ հարցը պիտի լուծուի միայն երկխօսութեան ճամբով», ընդգծեց ան:
Մերքել Պերլինի մէջ Գերմանական-ուքրանական 3-րդ համախմբումին ընթացքին յայտնեց. «Մտադիր եմ այս հարցը Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին քննարկել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այդ հարցով պիտի զբաղինք, սակայն, ուքրանական կողմին ուղղուած պահանջ մը ունինք, որն է խոհեմանալ եւ ողջմտութիւնը պահպանել: Մենք գիտենք, որ այդ հարցը կրնանք լուծել միայն բանակցութիւններու ճամբով եւ միասնաբար, որովհետեւ զինուորական լուծումը անկարելի է»:



