Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը հաղորդեց, որ պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումէն պաշտօնազրկուած ղեկավար, Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայէտի մօտիկ եղող Մոհամետ Տահլան սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մեղսակից եղած է:
«Տահլանի առնչուած խումբ մը սպանութեան ոճիրէն մէկ օր առաջ Լիբանանէն հասած է Թուրքիա», նշեց օրաթերթը:
Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի, չորս անձերէ կազմուած նշեալ խումբը Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարան մուտք գործած է Խաշոկճիի սպանութեան օրը, եւ թրքական հետախուզութիւնը ունի լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան դէպքի վայրին մէջ անոնց ներկայութիւնը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, խումբը երեք օր մնացած է Թուրքիա եւ անոր պարտականութիւնը ոճիրին փաստերը ջնջելն էր: Թրքական ապահովական մարմինները բացայայտած են անոնց անուններն ու խումբին գործունէութեան մանրամասնութիւնները:
Խումբը 1 հոկտեմբերին Թուրքիա մուտք գործած է կեղծ անցագիրներով, եւ իրեն հետ հիւպատոսարան տարած է թեքնիք սարքեր եւ քիմիական նիւթեր, ապա երկրէն հեռացած է 4 հոկտեմբերին:
«Ենի Շաֆաք» կը նշէ, որ կը կարծուի, թէ Ապու Տապիի գահաժառանգը ֆինանսաւորած է Տահլանին ենթակայ խմբակին գործունէութիւնը: