Միջազգային

«Բռնութիւնը Տեղ Չունի  Մեր Հանրապետութեան Մէջ»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Բռնութիւնը Տեղ Չունի Մեր Հանրապետութեան Մէջ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհակալութիւն յայտնեց իրաւապահ մարմիններուն, որոնք շաբաթ օր կարգ ու կանոն հաստատած են Փարիզի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցերուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Մաքրոնի համաձայն, ցուցարարներուն կողմէ ոստիկաններու դէմ յարձակումները «խայտառակութիւն» են: «Բռնութիւնը տեղ չունի մեր հանրապետութեան մէջ», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը: Շաբաթ օր Փարիզի մէջ վառելանիւթի տուրքի...

«Ամերիկան Չ՛ուզեր Սուրիոյ Վարչակարգը  Փոխել, Այլ` Անոր Վարուելակերպը»  Կ՛ըսէ Ճեֆրի

«Ամերիկան Չ՛ուզեր Սուրիոյ Վարչակարգը Փոխել, Այլ` Անոր Վարուելակերպը» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ չեն ջանար Սուրիոյ վարչակարգը փոխել, սակայն զանոնք հետաքրքրողը նախ եւ առաջ անոր ժողովուրդին ու դրացիներուն, ապա միջազգային ընտանիքին նկատմամբ անոր վարուելակերպը փոխելն է»: «Սուրիացի ժողովուրդը ինքն է, որ կ՛որոշէ, թէ ո՛վ զինք պիտի ղեկավարէ եւ ի՛նչ կառավարութիւն պիտի ունենայ», ըսաւ ան: «Մեր կարծիքով` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը մարդկութեան համար...

Նեթանիահու «Մօտ Օրէն»  Պահրէ՞յն Պիտի Այցելէ

Նեթանիահու «Մօտ Օրէն» Պահրէ՞յն Պիտի Այցելէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի բանբեր Հանի Մարզուք յայտարարեց, որ Իսրայէլի վարչապետը «մօտ օրէն» պիտի այցելէ Պահրէյն: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի խորհուրդի «Մաքան» կայքը հաղորդեց, որ Մարզուք ըսած է. «Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յաջորդ ուղեւորութիւնը Պահրէյնի թագաւորութիւն է, եւ այդ այցելութիւնը միայն նախաքայլ է աւելի մեծ բանի մը` այլ Միջին Արեւելքի մը: Անիկա նոր յարաբերութիւններու սկիզբ է եւ ցուցանիշ մը, թէ պատմութիւնը սրբագրելու ճիշդ...

Եւրոպական Խորհուրդը  Պատասխանած Է Էրտողանին

Եւրոպական Խորհուրդը Պատասխանած Է Էրտողանին

Եւրոպական խորհուրդը արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Սելահաթթին Տեմիրթաշը բանտէն անյապաղ ազատ արձակելու վերաբերեալ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռը չընդունելու յայտարարութեան: Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդէն նշած են, որ յոյս ունին, թէ Թուրքիան կարելի եղածին չափ շուտ կը գործադրէ առաջադրուած պահանջը: Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ...

«Եթէ Ամերիկան Եւրոպայի Մէջ Հրթիռներ  Տեղակայէ, Մենք Եւս Այդ Քայլին Պիտի Դիմենք»  Կը Զգուշացնէ Քոսաչեւ

«Եթէ Ամերիկան Եւրոպայի Մէջ Հրթիռներ Տեղակայէ, Մենք Եւս Այդ Քայլին Պիտի Դիմենք» Կը Զգուշացնէ Քոսաչեւ

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոզաչեւ սպառնաց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ դաշնակից երկիրներու սահմաններուն վրայ հրթիռներ պիտի տեղակայէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ նոյնպիսի հրթիռներ տեղակայէ Եւրոպայի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը: «Միացեալ Նահանգներու Փոքր եւ միջին հասողութեամբ հրթիռներու շուրջ համաձայնութենէն դուրս գալու մտադրութիւնը կրնայ յանգեցնել Եւրոպայի մէջ հրթիռներու տեղակայման, որ համաձայնագիրին հիմամբ արգիլուած...

Յորդանանի Փոխադրամիջոցներու Նախարարը  Իր Սուրիացի Պաշտօնակիցը Կը Հրաւիրէ Ամման

Յորդանանի Փոխադրամիջոցներու Նախարարը Իր Սուրիացի Պաշտօնակիցը Կը Հրաւիրէ Ամման

Յորդանանի փոխադրամիջոցներու նախարար Ուալիտ Մասրի իր սուրիացի պաշտօնակից Ալի Համուտը հրաւիրեց Ամման` պաշտօնական այցելութեան: Հրաւէրը յղուած է յորդանանեսուրիական փոխադրութեան ընկերութեան կանոնագրութիւնը բարեփոխելու, անոր կացութիւնը քննարկելու եւ անհրաժեշտ որոշումները որդեգրելու նպատակով ընդհանուր ժողով գումարելու համար:

«Խաշոկճիի Սպանութեան  Պատասխանատուն Աշխարհն Է»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Խաշոկճիի Սպանութեան Պատասխանատուն Աշխարհն Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան համար մեղաւոր է աշխարհը, որ դաժան վայր է: Ան այս մասին յայտնեց Ֆլորիտայի «Մար-ա-Լակօ» կալուածին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Թրամփ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Խաշոկճիի սպանութեան համար որո՞ւն պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել, ըսաւ. «Թերեւս պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկել աշխարհը, որ դաժան վայր կը հանդիսանայ: Աշխարհը շատ դաժան...

«Իրաք Ստիպուած Չէ Յարգելու Իրանի Դէմ  Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները»  Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

«Իրաք Ստիպուած Չէ Յարգելու Իրանի Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Իրանի վարչապետ Ապտել Ապտել Մահտի յայտարարեց. «Իրաք մաս չի կազմեր Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներու համակարգին, եւ Պաղտատ ստիպուած չէ զանոնք յարգել»: «Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները ՄԱԿ-եան չեն, ատիկա ամերիկեան որոշում մըն է, որ կը վերաբերի անոր քաղաքականութեան եւ իրաքեան որոշում մը չէ», ըսաւ ան: «Մենք նաեւ մաս չենք կազմեր այլ պետութիւններու դէմ որեւէ այլ յարձակումի, որովհետեւ կան երկիրներ,...

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Հետ  Գործընկերութիւնը Կը Շեշտէ

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Գործընկերութիւնը Կը Շեշտէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն մտադիր է Սէուտական Արաբիոյ ամուր գործընկերը մնալ, «հակառակ անոր որ շատ հաւանական է, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը տեղեակ էր սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութենէն»: Ըստ անոր, «Սի.Այ..Էյ.»-ը Խաշոկճիի սպանութեան հարցին վերաբերեալ 100 տոկոսով հաստատ եզրակացութեան չէ յանգած: Թրամփ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Քոնկրեսը ազատ է Սէուտական Արաբիոյ...

Սէուտցի Գործարարները Որոշած Են Պոյքոթի  Ենթարկել Թրքական Ապրանքներն  Ու Կոչ Կ՛ուղղեն Չայցելելու Թուրքիա

Սէուտցի Գործարարները Որոշած Են Պոյքոթի Ենթարկել Թրքական Ապրանքներն Ու Կոչ Կ՛ուղղեն Չայցելելու Թուրքիա

Սէուտցի շարք մը գործարարներ որոշած են պոյքոթի ենթարկել Թուրքիան` «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հակաթրքական արշաւ սկսելով: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը: Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան առնչութեամբ սէուտական կողմը բարդ կացութեան մէջ դրած Թուրքիան բարկացուցած է սէուտցի գործարարները, որոնք սկսած են կոչ ուղղել չգնելու թրքական ապրանք եւ չայցելելու Թուրքիա: Կը նշուի, որ...

Ռիապքով. «Ռուսիան Չէ Առաջարկած Իրանի  Սուրիայէն Հեռանալուն Դիմաց Անոր Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցները Ջնջել»

Ռիապքով. «Ռուսիան Չէ Առաջարկած Իրանի Սուրիայէն Հեռանալուն Դիմաց Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Ջնջել»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց. «Ռուսիա Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն չառաջարկեց Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն մէկ մասը ջնջել` վերջինիս կողմէ իր ուժերուն սուրիական հողերէն հեռացման դիմաց»: «Ատոր մօտիկ գաղափարներ կային, սակայն նոյնը չեն եւ չզարգացան: Սակայն կը շարունակենք բոլոր առնչակիցներուն եւ բոլոր կողմերուն հետ, որոնց մասին այժմ կը խօսինք, քննարկել, թէ այդ առումով ի՛նչ կրնանք ընել», նշեց Ռիապքով:

Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի Մէջ   Բանակցութիւնները` 28-29 Նոյեմբերին

Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի Մէջ Բանակցութիւնները` 28-29 Նոյեմբերին

Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ հերթական` 11-րդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 28-29 նոյեմբերին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Քայրաթ Ապտռահիմովը: «Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրները` Ռուսիան, Թուրքիան, Իրանը համաձայնութիւն գոյացուցած են Ասթանայի հոլովոյթի ծիրին մէջ Սուրիոյ նուիրուած բարձր մակարդակի հերթական 11-րդ միջազգային հանդիպումը 28-29 նոյեմբերին Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ կատարելու շուրջ», ըսած...

Սալման Թագաւորը Կը Զօրակցի  Եմէնի Պատերազմին Վերջ Տալուն

Սալման Թագաւորը Կը Զօրակցի Եմէնի Պատերազմին Վերջ Տալուն

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը երէկ յայտարարեց, թէ իր թագաւորութիւնը կը զօրակցի Եմէնի պատերազմին վերջ տալու ՄԱԿ-ի ջանքերուն: Թագաւորը աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիան կոչ կ՛ուղղէ գտնելու քաղաքական լուծում մը, որ Սուրիան դուրս կը բերէ իր տագնապէն եւ զայն կը հեռացնէ ահաբեկչական խմբաւորումներէն ու արտաքին միջամտութիւններէն: Ան յայտնեց, որ պաղեստինեան դատը պիտի շարունակէ մնալ թագաւորութեան առաջին դատը, եւ միջազգային...

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարը Այցելեց Թեհրան

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Թեհրան

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան ապագան, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումները: Նախքան Իրան ուղղուիլը, Հանթ յայտարարեց. «Իրանեան հիւլէական գործարքը կը մնայ Միջին Արեւելքի կայունութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը, որ կը բացառէ Իրանի հիւլէականացման սպառնալիքը»: Ան ըսաւ,...

«Ապահովական Գետնի Վրայ Այժմու  Նուրբ Փուլին Կառավարութեան  Տապալումը Անպատասխանատու Քայլ Է»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Ապահովական Գետնի Վրայ Այժմու Նուրբ Փուլին Կառավարութեան Տապալումը Անպատասխանատու Քայլ Է» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր համախմբական կառավարութեան անդամներուն կոչ ուղղեց զերծ մնալու կառավարական ճգնաժամի հրահրումէն: Ան Թել Աւիւի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Ապահովական գետնի վրայ այժմու նուրբ փուլին կառավարութեան տապալումը անպատասխանատու քայլ է: Արտակարգ ընտրութիւնները կրնան աղէտ ըլլալ Իսրայէլի համար»: «Հերթական ընտրութիւններուն մնացած է շուրջ մէկ տարի: Ներկայ իրավիճակին մէջ, երբ երկիրը զինուորական գործողութիւններու մէջ կը գտնուի, քաղաքական...

«Ազրպէյճան Պիելոռուսիայէն Դարձեալ  Սպառազինութիւն Պիտի Գնէ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Ազրպէյճան Պիելոռուսիայէն Դարձեալ Սպառազինութիւն Պիտի Գնէ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Պիելոռուսիան եւ Ազրպէյճանը պիելոռուսական սպառազինութեան հերթական քանակի մատակարարման շուրջ համաձայնագիր մը կը պատրաստեն: Պիելոռուսական «Պելթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Մինսքի մէջ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ բանակցութիւններէ ետք լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Երէկ երկու երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է Պիելոռուսիոյ պետական ռազմաարդիւնաբերական կոմիտէի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ` սպառազինութեան մատակարարման ոլորտին...

Ուաշինկթըն 20 Նոյեմբերին  Պիտի Յայտնէ Պատուիրատուին Անունը.  Թրամփ. «Մոհամետ Պըն Սալման Ինծի Ըսաւ,  Թէ Խաշոկճիի Սպանութեան Հետ Կապ Չունի»

Ուաշինկթըն 20 Նոյեմբերին Պիտի Յայտնէ Պատուիրատուին Անունը. Թրամփ. «Մոհամետ Պըն Սալման Ինծի Ըսաւ, Թէ Խաշոկճիի Սպանութեան Հետ Կապ Չունի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի չարչարանքի ենթարկման ձայնագրութիւնները ունինք, եւ զայն լսելու պատճառ մը չկայ, որովհետեւ չարչարանքի ձայնագրութիւն մըն է եւ ահաւոր է»: «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանը անգամ մը եւս ինծի յայտնեց, որ Խաշոկճիի սպանութեան հետ կապ չունի եւ քանի մը օր առաջ անգամ մը եւս ատիկա նշեց», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Չեմ գիտեր,...

«Մեր Օրակարգին Վրայ Կիւլենը Թուրքիոյ  Արտայանձնելու Նման Հարց Չկայ»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Մեր Օրակարգին Վրայ Կիւլենը Թուրքիոյ Արտայանձնելու Նման Հարց Չկայ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերքած է լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած այն լուրը, թէ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին Թուրքիոյ արտայանձնելու թուրք իսլամ քարոզիչ, «Հիզմեթ» կրօնական շարժումի հիմնադիր ու ղեկավար Ֆեթհուլլա Կիւլենը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Այդպիսի հարց մեր օրակարգին վրայ չկայ», ըսած է ան` Քալիֆորնիա մեկնելէ առաջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Յիշեցնենք, որ մամուլին մէջ հրապարակուած էին...

Սուրիական Բանակը Սկսած Է  Հարուածել Իտլիպի  Գիւղական Շրջաններուն Մէջ  Գտնուող Զինեալներու Դիրքերը

Սուրիական Բանակը Սկսած Է Հարուածել Իտլիպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Գտնուող Զինեալներու Դիրքերը

Սուրիական զինուորական բարձրաստիճան աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սուրիական բանակը շաբաթ առաւօտէն սկսած է հրետանիով եւ առատ հրթիռակոծումով «ճշգրիտ հարուածներ» հասցնել Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջաններու շարք մը գիւղերու, որոնց շարքին Թահ, Ժարժանար, Թամանիհա, Սաքիք եւ Ուայպատա գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալներու դիրքերուն: Աղբիւրը նշած է, որ այդ դիրքերը կը գտնուէին սուրիական բանակի թիրախներու ցանկին վրայ եւ կը...

Ռուսիան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ  Համագործակցիլ` Քարիւղի  Արտադրումը Կրճատելու Հարցին Շուրջ

Ռուսիան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համագործակցիլ` Քարիւղի Արտադրումը Կրճատելու Հարցին Շուրջ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուան պատրաստ է համագործակցիլ Սէուտական Արաբիոյ հետ` քարիւղի արտադրումը կրճատելու հարցին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել քարիւղի գիներու կտրուկ անկումը, թէեւ ան նշած է, որ դժգոհ չէ նաեւ ցած գիներէն: «Փրիմիում» տեսակի քարիւղի տակառին գինը վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին 86 տոլարէն հասած է 66-ի, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու այն յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք, որ Իրանի...

Page 563 of 884 1 … 562 563 564 … 884

Արխիւներ