Ռումանիոյ վարչապետը մերժած է Եւրոպական Միութեան քննադատութիւնը, որ երկիրը չի կատարեր ժողովրդավարական բարեփոխումներ, եւ պնդած է, որ Պուքրեշը պատրաստ է յաջորդ տարի ստանձնելու Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը:
Վիորիքա Տենչիլէ զեկուցումը անուանած է «շատ անարդարացի» եւ քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող:
Նախագահ Քլաուս Եոհաննիս յայտարարած էր, որ ռումանական կառավարութիւնը պատրաստ չէ ստանձնելու Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը, եւ պահանջած էր կառավարութեան հրաժարականը: Այդ յայտարարութիւնը, սակայն, մերժուեցաւ վարչապետին կողմէ, որ կը հաւաստէ, թէ Ռումանիան պատրաստ է նախագահութեան` թէ՛ ծրագիրի, թէ՛ ալ կազմակերպչական տեսանկիւնէն: