Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ծերակոյտը Պիտի Քննարկէ Աւելցնել Պըն Սալմանը Թիրախ Դարձնող Նոր Օրէնք Մը» Կ՛ըսէ Քորքըր

November 28, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Քորքըր յայտնեց, որ այսօր Ծերակոյտին մէջ Սէուտական Արաբիոյ շուրջ լսումներ տեղի պիտի ունենան` աւելցնելով, որ յանձնախումբի անդամները կը քննարկեն Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը թիրախ դարձնող նոր օրինագիծ մը աւելցնել:

Ան յայտնեց, որ «բարեփոխումներ» կատարած է ամերիկեան վարչակազմին յղուելիք այն դիմումին վրայ, որ կը պահանջէ հետաքննել, թէ  պըն Սալմանի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնահարումներ կատարուա՞ծ են, եւ պէ՞տք է «Մակնիցսքի»-ի օրէնքին հիմամբ անոր դէմ պատժամիջոցներ հաստատուին:

Քորքըր յայտնեց, որ Քոնկրեսին մէջ Սէուտական Արաբիոյ վերաբերեալ «բազմաթիւ զարգացումներ» տեղի պիտի ունենան, ներառեալ այս շաբթուան ընթացքին Եմէնի դէմ պատերազմի հարցով Սէուտական Արաբիոյ կատարուած ամերիկեան զինուորական աջակցութեան վերջ տալու շուրջ քուէարկութիւնը:

Ան «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճինա Հասփըլէն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն եւ պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսէն պահանջեց ներկայանալ եւ Ծերակոյտը տեղեակ պահել սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մանրամասնութիւններէն:

Քորքըր յայտնեց, որ չի կարծեր, թէ Փոմփէոյի եւ Մաթիսի զեկուցումները բաւարար պիտի ըլլան պատասխանելու Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ բոլոր հարցականներուն:

Միւս կողմէ, «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսայ եւ խորհրդական Ճարետ Քուշներ կոչ ուղղած է` մեծցնելու Սէուտական Արաբիոյ ծախուող զէնքերուն քանակը: Սպիտակ տունէն նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներ յայտնած են, որ պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս կը զօրակցի անոր գաղափարին:

Պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ ծախուած ամերիկեան զէնքերուն իսկական գումարը չի շրջանցեր 15 միլիառ տոլարը, իսկ յայտարարուած 110 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքի վաճառքի համաձայնութիւնը տակաւին չէ գործադրուած:

Նախորդը

«Բրիտանիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Ապահարզանը Կրնայ Վնասել Ուաշինկթընի Եւ Լոնտոնի Միջեւ Առեւտուրին» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

«Մոհամետ Պըն Սալման Էրտողանէն Խնդրեց Արժանթինի Մէջ Հանդիպում Ունենալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.