Ռուսիոյ ծովուժի հրամանատար ծովակալ Վլատիմիր Քորոլով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները իրենց բարձր ճշգրտութիւն ունեցող ռազմավարական զէնքերը կը տարածեն Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ»:
Ծովակալ Քորոլով Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ժողովի մը ընթացքին յայտնեց. «Ուաշինկթընն ու ՕԹԱՆ-ի մէջ անոր գործընկերները վերջերս Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ բազմաթիւ ռազմափորձեր կը կատարեն եւ ցամաք-ծով ամերիկեան հրթիռային համակարգեր ու Ռուսիոյ սահմանակից ծովային շրջաններուն մէջ բարձր ճշգրտութիւն ունեցող ոչ հիւլէական ռազմավարական համակարգեր տեղակայեցին»:
«Ռուսական ծովուժի թիւը կ՛արտօնէ ետ մղել ծովուն կողմէ եկող որեւէ սպառնալիք», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ ռուսական ծովուժի տարբեր տիպի շուրջ հարիւր մարտանաւեր ներկայութիւն են միջազգային ջուրերուն մէջ:
Ծովակալ Քորոլով աւելցուց, որ հիւլէական ուժով բանող ռուսական նոր սերունդի սուզանաւերը ապագային ռուսական ծովուժի մէկ կարեւոր մասը պիտի կազմեն, իսկ յածանաւերն ու ծովահանումի մեծ նաւերը ովկիանոսներուն վրայ գտնուող նաւերուն հիմնական մասը պիտի կազմեն: