Թուրքիոյ նախագահական պալատը դարձեալ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:
Թուրքիոյ նախագահական պալատը Փայլանէն բացի խորհրդարանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է խորհրդարանի 7 այլ երեսփոխաններու համար:
8 երեսփոխաններէն 6-ը Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ են, իսկ 2-ը` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւններու անդամներ:
Դիմումը ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան խառն յանձնախումբին, որուն հաստատումէն ետք պիտի ուղարկուի արդարադատութեան նախարարութիւն:



